Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2016ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու Խորհուրդը՝ Հայ Առաքելական, Ասորի Ուղղափառ եւ Ղըպտի Ուղղափառ, յատուկ նիստ մը գումարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։
Օրը սկսաւ աղօթքով, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, Ղըպտի Ուղղափառ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սրաբիոն Եպիսկոպոսի, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Ասորի Ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Եուճին Արք. Քափլանի եւ աղօթակցութեամբ խորհուրդի անդամ հոգեւորականներուն։
Ժողովը տեղի ունեցաւ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ. Խորհուրդը գլխաւորապէս քննարկեց յառաջիկայ տարուան համար նախատեսուած ձեռնարկներու նախնական ծրագիրը, յատկապէս 21րդ դարու նահատակներուն յիշատակութեան համատեղ ձեռնարկը։
Աւարտին, ներկաները խմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ եւ ունեցան մտերմիկ ճաշի պահ։