Իւրաքանչիւր տարուան Յունուարին, Լոս Անճելըսի կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Our Lady of the Angels» տաճարին մէջ տեղի կþունենայ յիշատակումի յատուկ արարողութիւն եւ մոմավառութիւն, ի յարգանս արհեստական վիժումի հետեւանքով անծին մանուկներուն:
Այս տարի, արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Յունուարին, նախագահութեամբ Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզին: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, արարողութեան ներկայ եղան Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան: