Լոս Անճելըսի հայ գաղութը, իր կրօնական ու մշակութային աւագանիով ու մշակութասէրներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, Կիրակի, 30 Հոկտեմբերի 2016 երեկոյեան, Կլենտէյլի Երիցական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ արժանի շուքով տօնակատարեց բազմավաստակ բանաստեղծ, մտաւորական եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի ծննդեան 100րդ տարեդարձը, որ նաեւ կը նշէր հայ գրաւոր մշակոյթի անդաստանին անոր ծառայութեան 80րդ տարեդարձը:
Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր «Մաշտոց» Քոլէճի տնօրէնութեան կողմէ եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հայաստանի հիւպատոսութեան եւ հայկական երեք յարանուանութեանց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ երկու Թեմերուն, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետ. համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն: Ձեռնարկը կը վայելէր նաեւ մշակութային եւ այլ միաւորներու գործակցութոիւնը:
Ամերիկեան ու հայկական քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան կատարեց բացման աղօթքը: Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ: «Մաշտոց» քոլէճի նախագահ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան արտասանեց բացման խօսքը, ողջունելով ներկաները եւ վարելով յայտագիրը:
Յայտագիրը զարգացաւ գեղարուեստական ելոյթերով եւ բանաւոր արտայայտութիւններով: Գեղարուեստական բաժինը մարմնաւորուեցաւ երգերով, ասմունքներով, պարերով եւ երաժշտական մատուցումներով, որոնք ներկայացուցին մեր գաղութի ծանօթ արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ Սահակ-Մեսրոպ Վարժարանէն աշակերտներ. նշենք, որ բանաստեղծը տարիներ շարունակ դասաւանդած է յիշեալ վարժարանին մէջ:
Գլխաւոր բանախօսն էր ծանօթ մտաւորական եւ մամուլի գործիչ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, որ սեղմ գիծերու մէջ բայց ամբողջական ուրուագիծով մը ներկայացուց Ժագ Ս.
buy aciphex online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/uk/aciphex.html no prescription
Յակոբեան մարդը, գրողը, դաստիարակն ու մշակութային գործիչը: Սրտի խօսք արտասանեց կազմակերպիչ քոլէճի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ ակադեմիկոս Արտեմ Սարգսեան, որ վեր առաւ գրողին արժանիքները:
Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց գնահատանքի եւ երախտագիտութեան իր խօսքը: Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հայ ժողովուրդին պարգեւած է Ժագ Ս. Յակոբեանի նման բազմավաստակ ու նուիրեալ ծառայող մը, որ իր գրիչով մեծ ներդրում ունեցած է մեր գրաւոր մշակոյթի անդաստանին մէջ, եղած է նուիրեալ դաստիարակ ու Աստուծոյ խօսքին տարածիչը, միշտ հաւատարիմ մնալով մեր եկեղեցւոյ աւանդներուն եւ ուղիին, ամենայն հայոց Աստուածապաշտ, Քրիստոսասէր եւ Մեսրոպատրոփ սիրտով բանաստեղծ մը, որ իր կեանքի օրինակով ներգործութիւն ունեցած է իրերայաջորդ սերունդներու կեանքին վրայ, հայկական տարբեր գաղութներու մէջ, ու մինչեւ օրս մեր ժողովուրդին կը վերադարձնէ այն բոլորը, զոր Աստուած պարգեւած է իրեն, մնալով անխոնջ մշակ ու անվհատ քարոզիչ: Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը բանաստեղծին յանձնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Օրհնութեան Գիրը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատանք կþարձանագրէ գրողին ու մարդուն, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ գիրին ու մշակոյթին, ծառայած է Աստուծոյ ու Անոր խօսքին տարածման: «Ո՛չ միայն ուսուցած էք Աստուծոյ խօսքը, այլ նաեւ ապրած էք զայն», գրած է Վեհափառ Հայրապետը: Յիշեցնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան տասնամեակ մը առաջ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրած էր Ժագ Ս. Յակոբեանը:
Գնահատանքի խօսքեր ունեցան պետական ներկայացուցիչներ ու հայկական մշակութային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, որոնք նաեւ բանաստեղծ-մտաւորականին յանձնեցին գնահատագրեր:
Աւարտին, խօսք առաւ մեծարեալը. ան գողտրիկ յուշ մը պատմեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն ու ներկաներուն: