Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր համերգ մը նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին։ Համերգը տեղի կ’ունենայ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան։ Ելոյթ պիտի ունենայ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ դպրապետ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի։
Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]