Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ի, երեկոյեան, Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակը արժանաւորապէս նշուեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յարկին տակ հոգեպարար հոգեւոր համերգով մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան։ Ելոյթ ունեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբը, խմբավարութեամբ դպրապետ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի։
Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։ Յանուն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետին կենսագրականն ու անոր երաժշտական անմահական ժառանգութիւնը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով դպրապետին ու դպրաց դասին վերջին ամիսներու տքնաջան աշխատանքը։
Ապա, երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտաս Վարդապետի ամէնէն հանրայայտ հոգեւոր եւ ժողովրդային երաժշտական մշակումներէն գեղեցիկ երգերու ընտրանի մը, մէջընդմէջ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն»էն հատուածներու ընթերցումով։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան այս համերգը համարեց ոգեկոչական երեկոյ մը, նշելով, «Այսօր, Տիրոջ ներկայութեան հրաւիրեցինք Կոմիտասի անմահ հոգին, որ մեր հոգեւոր եւ ազգային երաժշտութեան անլռելի զանգակատունն է»։ Ան գնահատեց հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, եւ օրհնեց ու դրուատեց յատկապէս դպրապետը եւ դպրաց դասի բոլոր անդամները։
Առաջնորդ Սրբազանը վկայութիւններ մէջբերեց աշխարհահռչակ երգահաններէ Կոմիտասի երաժշտութեան եւ մշակած Պատարագին մասին աւելցնելով՝ «Փառք Աստուծոյ, որ մեր ժողովուրդին շնորհք ըրաւ Կոմիտաս Վարդապետին նման տաղանդ մը, մեր երաժշտութիւնը անմահացնող շնորհալի հսկայ մը, եւ փառք Աստուծոյ, որ մենք այսօր հոգեկան այս վայելքը ունեցանք Կոմիտաս Վարդապետին հոգին հրաւիրելով մեր հոգիներուն ու էութեան մէջ եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու իր մեծ տաղանդին։» Այս առթիւ զուգորդութիւններ գտաւ ըսելով, որ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եղաւ հոգիի լուսաւորիչ, Մեծն Ներսէս՝ սրտի լուսաւորիչ, Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ Թարգմանիչները՝ մտքի լուսաւորիչներ, իսկ Կոմիտաս Վարդապետ եղաւ ու կը մնայ հայ երգի եւ երաժշտութեան լուսաւորիչը»։
Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակեց մաղթելով, որ հոգեկան վայելքի մթնոլորտը մնայուն մնայ մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ։
Երեկոն վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։