Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին 14 Յունուար 2019-ին նշեց Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy clomiphene online https://pridedentaloffice.com/wp-content/languages/new/clomiphene.html no prescription

Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 13 Յունուարին, Ս. Պատարագ մատուցեց, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ մատաղի օրհնութիւն կատարեց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ սարկաւագները։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ՝ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ Ճորճ Չորպաճեան, Հ.Յ.Դ Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի եւ Մարի Փոսթոյեան մանկամսուրի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըս մասնաճիւղի, ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի, «Ռաֆֆի» Ռումանահայ եւ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւններու, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան, Ասպարէզ օրաթերթի եւ եկեղեցւոյ ժողովականութեան ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ օծման կնքահայրը՝ Տիար Վահէ Կարապետեան եւ նոր խորանի բարերար Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Հայկուհի Դաղլեան։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ եւ նշեց, որ այսօր կը տօնենք Քրիստոսի ծննդեան ութօրէքը, որ մեր փրկիչին անուանակոչութեան տօնն է, եւ այս տարի կը զուգադիպի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան մեր տօնախմբութեան։ Ապա՝ վեր առաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի աստուածանուէր կեանքն ու սրբակեաց կենցաղը, յատկապէս շեշտելով, որ սուրբը եղած է նախակարապետ Տիրոջ ճանապարհին, որ արքայութեան կ՛առաջնորդէ։ Ան յիշեց, թէ նախքան Յովհաննէս Մկրտիչի ծնունդը՝ Գաբրիէլ հրեշտակապետը անոր ծնողներուն՝ Զաքարիային եւ Եղիսաբէթին աւետած էր թէ զաւակ մը պիտի ունենան, որ «Տիրոջ առջեւէն պիտի քալէ՝ Եղիայի հոգիով եւ զօրութեամբ լեցուած, որպէսզի հայրերը իրենց որդիներուն հետ հաշտեցնէ եւ անհնազանդները առաջնորդէ արդարներու իմաստութեան, եւ այսպէսով Տիրոջ գալուստին նախապատրաստուած ժողովուրդ մը պատրաստէ» (Ղուկ. 1։17)։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այս տօնը ուխտի վերանորոգման օր մը համարեց եւ ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտիչ իր կեանքի օրինակով կոչ կ՛ուղղէ մեր օճախներուն, որ մեր ընտանեկան, ազգային թէ հաւաքական կեանքերուն մէջ ապրինք հաշտ կեանք մը, փոխադարձ հանդուրժողութեան եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ, ուր ամէն բան լոյսով առաջնորդուի եւ լոյսը առաջնորդէ մեզ բոլորս»։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւնը տուաւ ըսելով. «Իմ աղօթքս ու մաղթանքս է, որ արդար, հնազանդ, Աստուծոյ հաւատարիմ զաւակները ըլլանք, որպէսզի սիրով, խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ ապրինք եւ այդ արդարութիւնը անդրադառնայ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքերուն վրայ, միշտ ուղղուինք ճշմարիտ լոյսին եւ պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան՝ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով»։ Իսկ անդրադառնալով հայրենիքի ներկայ իրադարձութիւններուն՝ յիշեց, թէ յաջորդ օրը, նորընտիր Ազգային ժողովը իր պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ, աղօթեց, որ Տէրը առաջնորդէ մեր հայրենի պատասխանատուները, արդար ու համերաշխ հիմունքներով առաջնորդելու մեր հայրենիքը։

«Տէր Ողորմեա»ի պահուն, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ բոլոր հիւանդներու բժշկութեան, յատկապէս եկեղեցւոյ եւ Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի անդամներէն Տիար Կարօ Իսբէնճեանին առողջութեան համար, որ սրտի վիրաբուժական գործողութենէ ետք ապաքինման շրջան մը կը բոլորէր։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ննջեցեալ ծառայողներուն ու բարերարներուն յիշատակին, ապա, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։

ՍԻՐՈՅ ՃԱՇ ԵՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Այնուհետեւ, ներկաները անցան «Կարապետեան» սրահ, ուր հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին ու կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին յատուկ սիրոյ ճաշը։

Նշենք, որ այս տօնին առիթով, տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ եկեղեցին պատիւի արժանացնէ գաղութին մէջ երկար տարիներու ծառայական վաստակ կերտած նուիրեալներ։ Այս տարի, պատիւի արժանացաւ Տիար Յակոբ Առաքելեան, որ տասնամեակներ ծառայած է եկեղեցւոյ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ «Ռաֆֆի» Ռումանահայ հայրենակցական եւ մշակութային միութեան։

Ձեռնարկը ունէր գեղարուեստական բաժին մը, զոր ճոխացուցին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի եւ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտները։ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներէն Աշոտ Վարպետեան եւ Նուարդ Մարապեան արտասանեցին «Հաւատամք»ը, իսկ հայկական մենապարով ելոյթ ունեցաւ Սիլվի Խաչատրեան։ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 11-րդ կարգի աշակերտուհիներէն Մէրի Մոնոսեանի խօսքէն ետք, խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Թիփի բորան», չորրորդ կարգէն Զոյի Զակրապեան արտասանեց «Ա Բ Գ Դ տղաս կարդա՛» ոտանաւորը, 5-րդ կարգէն Ինէսսա Տիարեան եւ Թիֆընի էմիրզեան ներկայացուցին պար մը։ Շահան Տագէսեան, Նուարդ Մարապեան եւ Մեղեդի Փօլատեան, կիթառի ընկերակցութեամբ, երգեցին «Բարի արագիլ»ը, իսկ Լալէ Խաչերեան, Նիքոլ եւ Քլոյի Թաշճեան ներկայացուցին կենդանի պատկեր մը, հիմնուած՝ Զաւէն Սիւրմէլեանի «Ասք ծառ տնկելու մասին» բանաստեղծութեան։ Ժագլին Մկրտչեան ու Քրիստին Ալմաճեան երգեցին «Արի իմ սոխակ»ը, իսկ 6-րդ կարգի աղջիկները պար մը ներկայացուցին «Հայաստանը մերն է» երգի հետեւողութեամբ։ Աւարտին, «Հերոսների կենացը» զուգերգով ելոյթ ունեցան 9-րդ կարգէն Սաթիկ Սէրայտարեան եւ Փարէն Տէր Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ բոլոր մասնակիցներուն։

Խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Տէր Հայրը նախ գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն ներկայացուցած յայտագիրին մասին, շեշտելով, որ անոնք վկայեցին, թէ մեր եկեղեցին ու դպրոցը կը հանդիսանան հայկական ժառանգութեանց պահպանման հիմնաքարերը։ Ապա, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ մեծարեալին ծառայական կեանքին եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մարտիկ Պուլտուքեանի հետ յուշատախտակ մը յանձնեց Տիար Առաքելեանի։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետը՝ Տիար Օննիկ Պէրպէրեան իր կարգին, դրուատիքով խօսեցաւ մասնաճիւղի հիմնադիր այս անդամի վաստակին մասին եւ յանուն վարչութեան՝ յուշանուէր մը յանձնեց անոր։

Խօսք առաւ նաեւ Տիար Առաքելեանի դուստրը՝ Տիկին Լուիզա Կոլշըն, որ անդրադառնալէ ետք իր հօր ծառայական վաստակին, վեր առաւ ծառայողներ գնահատելու եւ արժեւորելու կարեւորութիւնը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր եզրափակիչ խօսքով գնահատեց հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը, Կիրակնօրեայի եւ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի աշակերտները, իրենց մատուցած գեղեցիկ յայտագիրին համար։ Ան յատուկ կերպով շնորհաւորեց բոլոր նուիրատուները եւ օրհնութեան գիրով մը պատուեց մեծարեալը։ Իր գիրին մէջ, ան գնահատանքով կ’արտայայտուի Տիար Առաքելեանի բազմատասնեակ տարիներու ծառայութեանց մասին, նշելով, որ իր ծննդավայր Ռումանիայէն Լոս Անճելըս տեղափոխուելէն ետք, ան «աւելի քան կէս դար լիարժէք կերպով մասնակից դարձած է մեր շրջանի հայկական կեանքին ու ներդրում ունեցած է բազմաթիւ ասպարէզներու մէջ, եղած է Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն, մասնակցութիւն բերած է Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանի հիմնադրութեան, միաժամանակ մեր մշակոյթին ու հասարակական կեանքին մէջ ներդրում ունեցած է «Ռաֆֆի» Ռումանահայ Միութեան ճամբով։ Վարած է պատասխանատու պաշտօններ, իսկ անոր բարերարութիւնները հաւասարապէս բաշխուած են մեր եկեղեցւոյ, դպրոցին, Հայաստանին ու Արցախին»։ Այս բոլորին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ մեծարեալին արժանիքները, ընդգծելով, որ ան գործած է՝ հաւատարիմ մնալով զինք ու սերնդակիցները կերտողներու աւանդին եւ սկզբունքներուն, խորապէս գիտակցելով, որ մեր եկեղեցին, ուսումնարանն ու հայկական միութիւնները անփոխարինելի դեր ունին հայրենիքէն հեռու աճող մեր օճախներու պահպանման ու բարգաւաճման մէջ։ Ան կատարած է աստուածահաճոյ գործ ու արժանի է բարձր գնահատանքի ու վարձատրութեան։

Շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք արտասանեց նաեւ մեծարեալը, որ արտայայտուեցաւ իր գործին մղում տուող զգացումներուն ու ազգին հանդէպ հաւատարմութեան մասին։

Ձեռնարկը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով ու «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022