Եկեղեցւոյ Օծման 5-րդ Տարեդարձին Առիթով՝ Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Պատարագէ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Մէջ

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին Շաբաթ, 9 եւ Կիրակի, 10 Յունիս 2018-ին պիտի տօնէ իր օծման 5-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի այցելէ Լաս Վեկաս, հովանաւորելու համար տարեդարձի տօնախմբութիւնն ու Ս. Պատարագ մատուցելու եկեղեցւոյ մէջ։ Լաս Վեկաս պիտի գտնուի նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիատ Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ։

Շաբաթ, 9 Յունիսի երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ տարեդարձի ճաշկերոյթը, մասնակցութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին ու ժողովականութեան անդամներու։ Իսկ Կիրակի, 10 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետին այցելութիւնը նաեւ առիթ պիտի ընեայէ, որպէսզի անոնք հանդիպում ունենան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ.
buy filitra online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/filitra.html no prescription

Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեանի ու ծխական մարմինին հետ, գնահատումը կատարելու՝ անցեալ տարիներու իրագործումներուն ու խորհրդրակցելու ապագայի ծրագիրներուն մասին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022