Ուրբաթ, 8 Յուլիս 2016-ին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս.
buy synthroid Canada https://langleyrx.com/synthroid.html no prescription
Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան, տեղի ունեցաւ ողջերթի երեկոյ մը, ի պատիւ Արժ. Տէր Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանի եւ երէցկին Պերճուհիի, Տէր Հօր հանգստեան կոչուելուն առիթով: Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Խորէն Աւ. Քահանայ անցեալ վեց տարիներուն վարած էր եկեղեցւոյ հովւութիւնը: Ներկայ էին Ծովածոցի շրջանի Հայց. Առաքելական եւ Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներ, ծխական շրջանի ազգային երեսփոխաններ, ժողովականութեան անդամներ եւ բազմաթիւ ծխականներ:
Երեկոն սկսաւ Սրբազան Հօր սեղանի օրհնութեամբ: Հանդիսավարն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Դոկտ. Կարօ Միրիկեան, որ բացման խօսք կատարեց եւ ողջունեց Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հայրերը, միութիւններու ներկայացուցիչներն ու բոլոր ներկաները:
Յաջորդաբար խօսք առին, Ծովածոցի միութեանց անունով՝ Տիար Վարանդ Գասպարեան, նոյն շրջանի հովիւներու անունով՝ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ Յարութիւնեան, հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան անունով՝ Օր. Նայիրա Տէր Կիւրեղեան, որոնք անդրադարձան Տէր Հօր եւ Երէցկինին գաղութի կեանքին մէջ անցեալ տարիներու ներկայութեան ու ծառայութեան, եւ շնորհակալութիւն յայտնելով՝ բարեմաղթութիւններ կատարեցին:
Խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց Տէր Հօր եւ Երէցկինին: Ան ողջունեց նաեւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանը, որ ներկայ էր Ֆրեզնոյի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Հայր Սուրբը յատուկ կերպով շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 40ամեակին առիթներով, մաղթելով առաւել բեղուն ծառայութիւն, ապա հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ եւ օրհնութիւնները բաշխէ ժողովուրդին:
Առաջնորդ Սրբազանը, ողջունելէ ետք բոլոր ներկաները, կանգ առաւ Տէր Հօր ծառայական կեանքին ու արժանիքներուն վրայ, նշելով, որ Երէցկինը եւս անոր կողքին եղած է միշտ, թէ՛ իբրեւ դաստիարակ ու եկեղեցւոյ սպասարկու եւ թէ իբրեւ ընտանիքի մայր: Ան նշեց, որ Տէր Հայրը կը յատկանշուի հիմնական չորս արժանիքներով: Առաջին՝ ան հաւատքի մարդ է, որ գիտակից է գործի կարեւորութեան, ան իր կոչումին գիտակցութեամբ ու խոր հաւատքով գործեց, ծառայելով Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ, ընտանիքին եւ հայրենիքին: Երկրորդ յատկանիշն է նուիրումը. ան զոհաբերութեամբ ու գիտակից նուիրումով սպասարկեց Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ազգին: Երրորդ՝ ծառայութեան գիտակցութիւնը, որուն հիմամբ կերտեց իր օրինակելի առաքելութիւնը, վերջապէս՝ չորրորդ՝ սէրը, որ զինք մղեց ծառայելու անանձնական մօտեցումով, հաւատարիմ մնալով մեր Տիրոջ պատուիրաններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ իր անձնական կեանքին մէջ մարմնաւորելով հաւատարիմ հոգեւորականի արժանիքները: Ան եղաւ դաստիարակ ուսուցիչ եւ եկեղեցւոյ նուիրեալ հովիւ, կերտելով տասնամեակներու վաստակ: Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ նաեւ Երէցկինին վաստակին առջեւ, զայն ներկայացուց իբրեւ հոգածու մայր, որ Տէր Հօր կողքին իր ներդրումը ունեցած է ծխական այն համայնքներուն մէջ, ուր ծառայած են միասնաբար:
Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով յուշանուէրներ շնորհեց Տէր Հօր եւ Երէցկինին, մաղթելով, որ Աստուած առիթ ընծայէ շարունակելու ծառայական կեանքը, եւ իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը փոխանցեց երկուքին:
Հանդիսավարը հրաւիրեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեանը, որ արտասանեց սրտի խօսք մը եւ հիւպատոսութեան կողմէ Տէր Հօր յանձնեց պատուոյ գիր մը:
Շնորհակալութեան ու սրտի խօսք արտասանեց մեծարեալը՝ Տէր Խորէն Աւ. Քահանայ: Անդրադառնալով իր կեանքի հանգրուաններուն, ուրախութիւն յայտնեց, որ իր ծառայութիւնը սկսած էր Արեւելեան Թեմի Սէնթ Լուիսի շրջանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարկին տակ եւ կ’աւարտի նոյն սուրբին անունը կրող Արեւմտեան Թեմի՝ Սան Ֆրանսիսքոյի եկեղեցիով:
Երեկոյթի պահուն, ներկաները շնորհաւորեցին Տէր Հայրն ու Երէցկինը եւ երախտագիտական արտայայտութիւններ ունեցան անոնց ծառայութեան համար:
Մեծարանքի ձեռնարկը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Կիրակի, 10 Յուլիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան: Արարողութեան նախագահեց թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ներկայ էին ծխական համայնքի ժողովականութեան ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ հայորդիները, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները, որոնք Ս. Պատարագի աւարտին Ս. Հաղորդութիւն ստացան:
Քարոզի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով, կրկին անգամ բարձր գնահատեց Տէր Հօր եւ Երէցկինին վեց տարուան ծառայութիւնը, որ մատուցուեցաւ Սան Ֆրանսիաքոյի ծխական մեր համայնքին: Ան գնահատեց նաեւ հոգեւոր հովիւին՝ Հայր Պարոյրի ծառայութիւնը, որ դրական արձագանգ գտած է գաղութին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց նաեւ շրջանի ազգային երեսփոխանները, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը, պատկան մարմիններն ու ներկայ հաւատացեալները:
Ապա, պատարագիչ Տէր Հայրը իր քարոզը փոխանցեց, բնաբան ընտրելով սաղմոսերգուին այն բառերը, զորս օգտագործած էր 47 տարիներ առաջ, իր անդրանիկ Պատարագի քարոզին օրը. «Տէր եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս Քո»:
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը արձակեց ներկայ հաւատացեալները, ապա, բոլորը միասին բարձրացան կողքի «Վասպուրական» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն: