Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքը աւելի քան 50 տարիներ վայելած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր շունչն ու հովանին, շնորհիւ բոյլ մը անձնուէր ու տեսլապաշտ հայորդիներու։ 1966-ին էր, երբ ծխական այս համայնքը օժտուեցաւ հայկական իւրայատուկ ոճով կառուցուած գեղեցիկ եկեղեցիով մը:
Եկեղեցւոյ 50րդ տարեդարձին առթիւ, հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը եւ 50-ամեակի յանձնախումբը կազմակերպած էին տօնախմբութիւն մը, երկու օրերու տեւողութեամբ՝ Շաբաթ 8 եւ Կիրակի 9 Հոկտեմբեր 2016-ին, նախ՝ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը, ապա նաեւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի:
Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016-ին Առաջնորդ Սրբազանը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը: Յոբելինական տարուան առիթով եւ ընդառաջելով Սրբազան Հօր դիմումին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը սրբատառ կոնդակ մը յղած էր ու շնորհաւորած ծխական համայնքը:
Քարոզի պահուն, հայրապետական կոնդակը թափօրով բարձրացուեցաւ սուրբ խորան եւ Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց զայն, ապա, ուղղեց իր հայրական պատգամը ներկայ հաւատացեալներուն: Ան յիշեցուց, որ շաբաթ մը առաջ, մեր Թեմը վայելեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը, եւ մէջբերելով Նորին Ս. Օծութեան պատգամէն բաժին մը՝ նշեց, որ «տարեդարձները ո՛չ միայն տօնակատարութեան ու շնորհակալ ըլլալու առիթներ են, այլեւ յիշելու անցեալը, նկատի ունենալու մեր արձանագրած յաջողութիւններն ու թերացումները»: Ան հրաւիրեց հաւատացեալները, որպէսզի յետադարձ ակնարկով մը քննարկեն անցեալ 50 տարիներու իրագործումները, լծուելու աւելի փայլուն ապագայի մը կերտումին:
Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ մեր եկեղեցին այս շաբաթավերջին կը տօնէ Ս. Թարգմանչաց յիշատակը, եւ կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որ մնան աւանդապահը անոնց անգնահատելի ժառանգութեան եւ գործելու անոնց ոգիով, որովհետեւ անոնց շնորհիւ է որ հայը յաջողած է յաղթահարել դարերու ընթացքին իր դէմ կանգնած մարտահրաւէրներուն: Ան անդրադարձաւ նաեւ օրուան աւետարանական հատուածին՝ այրի կնոջ լումային օրինակին, եւ յորդորեց. «այնպէս ինչպէս մեր Թարգմանիչ հայրերը իրենց հոգին եւ էութիւնը ազգի գանձանակին մէջ դրին, նոյնպէս ալ մենք, հաւաքաբար եւ ամբողջական ծառայութեամբ պէտք է նուիրուինք մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքին»:
Սրբազան Հայրը յիշեց որ վերջին օրերուն, Սուրիոյ եղբայրասպան պատերազմին զոհ գացած են հալէպահայեր, կոչ ուղղեց ներկաներուն աջակցելու մեր հարազատներուն՝ աղօթքով եւ նիւթական օժանդակութեամբ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, զոհերուն յիշատակը յարգելու համար հոգեհանգիստ կատարուեցաւ:
Արարողութեան աւարտին, պատարագիչ Սրբազանն ու 50 մանուկներ, մոմեր բռնած, թափօրով եկեղեցւոյ շրջափակը առաջնորդուեցան, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Ս. Գիրգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ բոլոր հանգուցեալ բարերարներուն, հիմնադիրներուն եւ ծառայասէր ու կամաւոր հայորդիներուն, ինչպէս նաեւ՝ Հալէպի մէջ զոհուած ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:
Ապա, Եկեղեցւոյ կից «Վասպուրական» սրահին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, կատարողութեամբ՝ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգ. Վարժարանի աշակերտներուն: Աշակերտներուն ելոյթը նուիրուած էր Թարգմանչաց Սուրբ վարդապետներուն եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ օծման 50-ամեակին։
Տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքերով եւ «Պահպանիչ»ով։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ Շաբաթ, 8 Հոտկեմբերի երեկոյեան, «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահի մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 50-ամեակի ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ներկայ էին Սան Ֆրանսիսքոյի Ծովածոցի շրջանի եկեղեցւոյ հովիւները, միութենական ներկայացուցիչներ, բարերարներ, եկեղեցւոյ նախկին հովիւներ եւ եկեղեցւոյ սատար հանդիսացող բազմաթիւ ծխականներ: Այս առիթով, յատուկ պատիւի արժանացան Տէր եւ Տիկին Հէնք եւ Ռիթա Խաչատուրեան եւ Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան բարերար ամոլները:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց 50-ամեակի Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Տէրունեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ 50-ամեակին առիթով, յանձնախումբին անունով շնորհաւորեց համայնքի զաւակները: Ապա, ան հրաւիրեց հանդիսավարը՝ հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանը, որ նախ ողջունեց ներկաները եւ յատկապէս շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ Թեմիս մէջ իր առաջնորդական ծառայութեան 20-ամեակին ու կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 40րդ տարեդարձին առիթներով, ապա պատմական ակնարկով մը լոյսի տակ բերաւ եկեղեցւոյ մատուցած աւելի քան 50 տարիներու վաստակն ու ծառայութիւնը եւ անոր հիմնադիրներուն աննկուն կամքը, որոնք ներկաներուն յարգանքին արժանացան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ:
Տիար Այնթապլեան հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Դոկտ. Կարօ Միրիկեանը, որպէսզի հոգաբարձութեան խօսքը փոխանցէ։ Տիար Միրիկեան անդրադարձաւ 1960-ական թուականներուն երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ տնտեսական ծանր կացութեան եւ ըսաւ թէ եկեղեցւոյ հիմնադիրները այս եկեղեցին կառուցեցին՝ երբ այդ օրերուն անկարելի կը թուէր ամէն բան: Ան եւս շնորհաւորեց ծխական ընտանիքը՝ 50-րդ տարեդարձին առիթով:
Բեմ հրաւիրուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ պսակուող առաջին զոյգը՝ Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Մայտա Պէզճեան ամոլը, որ 50-ամեակի տօնախմբութեան կարկանդակը հատեց եւ իր ուրախութիւնը բաժնեց ներկաներուն հետ:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, մասնակցութեամբ մեներգչուհի Նատիմա Աւագեանի, «Լարք»ի աշակերտներու, Մարք Յովհաննէսեանի եւ Աւետիս Չալականեանի:
Օրուան մեծարեալները՝ Տէր եւ Տիկին Հէնրի եւ Ռիթա Խաչատուրեան եւ Տէր եւ Տիկին Ժիրայր եւ Սրբուկ Սարգիսեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ ստացան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ պատուոյ նշաններ՝ իրենց անխոնջ ծառայութեան եւ եկեղեցւոյ ու հայ գաղութին մատուցած նիւթական ու բարոյական աջակցութիւններուն համար. Խաչատուրեան ամոլին պատուոյ գիրը ստանձնեց անոնց դուստրը: Պատուոյ նշաններ շնորհուեցան նաեւ եկեղեցւոյ նախկին հովիւներ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Գալուստեանին, Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանին եւ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանին:
Խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, որ շեշտեց եկեղեցւոյ մայրական կոչումը, համագործակցութեամբ նոր յիսունամեակներ թեւակոխելու մաղթանքով: Ապա, ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցէ ներկաներուն:
Սրբազան Հայրը առաջին հերթին շնորհաւորեց եկեղեցւոյ ծխական համայնքն ու ծառայողները՝ 50-ամեակի առիթով, գնահատեց բոլոր այն նուիրեալ անձերը, որոնք եկեղեցւոյ շինութենէն մինչեւ օրս իրենց կեանքը նուիրած են ու կը նուիրեն մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար: Ներշնչուած՝ Վեհափառ Հայրապետին վերջին այցելութենէն ու անոր «Ծառայութեան Տարուան» պատգամի ոգիէն, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ ծառայութիւնը կեանքի նպատակ է, եկեղեցին, դպրոցն ու ընտանիքը միութիւն կը կազմեն, ու այս մօտեցումով՝ գնահատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Վարժարանի եւ հայկական միութեանց միջեւ սերտ գործակցութիւնը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ շնորհաւորեց մեծարեալները եւ համայնքի զաւակները յորդորեց հետեւելու անոնց օրինակելի քայլերուն, հիմնադիր սերունդի ոգիով վերապրելու, նկատի ունենալով, որ անոնք գործած էին հաւատքով եւ եղբայրական սիրով: Վերջապէս, ան հրաւիրեց բոլորը, որպէսզի երիտասարդ սերունդը ներգրաւեն եկեղեցւոյ ծառայութեան դաշտերուն մէջ:
Պատմական գեղեցիկ հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով: