Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Առաջին Պատուանշանները Շնորհեց Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանին ու Տիար Խաժակ Սարգիսեանին


Հոկտեմբերի առաջին շաբաթավերջը կրկնակիօրէն յիշատակելի օրեր եղան Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքին համար: Արդարեւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 5 Հոկտեմբերին Ս. Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ, իսկ օր մը առաջ, Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան, հանդիսապետեց եկեղեցւոյ Հովիւին ու հոգաբարձութեան կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթին, որ միաժամանակ երկու արժանաւոր ծառայողներու մեծարանքի առիթ մըն էր:

Ս. Պատարագին եւ Շաբաթ երեկոյի ձեռնարկին ներկայ էին Ազգ.Վարչութեան անդամներէն Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ Տիար Ներսէս Դշոյեան, ներկայացուցչական դէմքեր եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ:

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՆ Առաջնորդ Սրբազանը Սան Ֆրանսիսքօ ժամանեց Շաբաթ, 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան, իր օրհնաբեր մասնակցութիւնը բերելու համար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթին:

Ճաշկերոյթը մեծարանքի երեկոյ մըն էր ի պատիւ ծխական այս շրջանի վաստակաշատ մշակներէն՝ Արժանապատիւ Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանի եւ Տիար Խաժակ Սարգիսեանի, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են եկեղեցւոյ ու Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական գաղութի կեանքին մէջ: Աւելի քան 250 ազգայիններ համախմբուած էին “Խաչատուրեան” Հայ Կեդրոնի “Սարոյեան” սրահին մէջ, մասնակից ըլլալու մեծարանքի երեկոյին:

Հանդիսավարն էր եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան անդամուհիներէն՝ Օրդ. Նայիրա Տէր Կիւրեղեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ կատարէ սեղանի օրհնութիւնը։ Ընթրիքի ընթացքին տեղի ունեցաւ խտասալիկի ցուցադրութիւն, որ կը բովանդակէր յիշատակելի պատկերներ՝ Տէր Նարեկի եւ Տիար Խաժակ Սարգիսեանի կեանքերէն։

Հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան, ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, որ ընդառաջեցին ընթրիքի հրաւէրին։ Անդրադառնալով պատիւի արժանացող երկու նուիրեալներու ծառայական վաստակին, ան Տէր Նարեկը կոչեց “Հոգեւոր եւ նիւթեղէն տաճարներու շինարար”, իսկ Տիար Խաժակ Սարգիսեանը՝ »”գաղութի կնքահայր”։

Տիար Սարգիս Սարգիսեան, որ զարմիկն է Տիար Խաժակ Սարգիսեանի, խօսք առնելով՝ պատմական ակնարկով մը վերադարձաւ դէպի 1930-ական տարիներու Պէյրութը, եւ պատկերաւոր ձեւով նկարագրեց տիրող կացութիւնն ու ջարդէն ճողոպրած հայութիւնը՝ սահմանափակ կարելիութիւններով, որոնց շարքին՝ Սարգիսեան ընտանիքը։ Ան ըսաւ.- “Գնահատել կարենալու համար այս մարդն ու անոր կեանքը, նախ պէտք է գիտնալ ու հասկնալ թէ ուրկէ՞ եկած է ան… “։

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Հելէն Զինտարսեան, որ մեներգեց Կոմիտասի “Չինար ես”ը. Աննիկ Զինտարսեան մեներգեց 1700-ամեակի նուիրուած “Հայ Եկեղեցին” եւ Ազատ Մանուկեանէն՝ “Հէյ Ճան”ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Քէրիլին Ռենշոյի։

Եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ Հապէշեան, խօսք առնելով, դրուատեց մեծարեալները, անոնց նուիրումն ու անշահախնդիր ծառայական կեանքը, եւ ապա եզրակացնելով ըսաւ.- “Վստահ եղէք, որ տրուած պատիւը նաեւ ստացուած պատիւ է”։ Խօսքի աւարտին, ան բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը սկսաւ փոխանցելով Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանի ողջոյնները, նկատի ունենալով, առողջական վիճակի բերումով ան ներկայ չէր ձեռնարկին: Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց ծխական համայնքի գործունէութիւնը, յատկապէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբն ու յարակից բոլոր միութիւնները, այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար։ Անդրադառնալով օրուան մեծարեալներուն եւ անոնց անշահախնդիր ծառայութեան, ան ըսաւ.- “Պատիւս արժանաւորաց, արժան եւ իրաւ” շեշտելով, որ պատիւը արժանաւորներուն կը տրուի, եւ իրաւ ու արժանի պատիւը կը վայելէ ճշմարիտ արժանաւորներուն։ Սրբազան Հայրը օրհնեց Տէր Նարեկն ու Տիար Խաժակ Սարգիսեանը, եւ մաղթեց որ անոնց ծառայական կեանքը օրինակելի խթան հանդիսանայ բոլորին, որպէսզի նոյն օրինակին հետեւելով՝ շէն մնայ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը։

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը բեմ հրաւիրեց հովիւն ու հոգաբարձութեան ատենապետը, մեծարեալները պարգեւատրելու համար։ Յանուն Ազգային Առաջնորդարանին, նաեւ Օրհնութեան Գիրեր յանձնեց Տիար Խաժակ Սարգիսեանին եւ Տ. Նարեկի ընտանիքի ներկայացուցիչ Օրդ. Ազատուհի Պիտանեանին։ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու հոգաբարձութեան կողմէ, եւ Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ, առաջին անգամ ըլլալով, համայնքի ծառայութեան եւ ղեկավարութեան պատուանշաններ ստացան երկու մեծարեալները:

Տէր Նարեկի կողմէ, Օրդ. Ազատուհի Պիտանեան ընթերցեց Տէր Հօր ուղարկած սրտառուչ նամակը, որ բարձր կը գնահատէր ծխական համայնքի ոգին ու յատկապէս՝ հովիւին ու հոգաբարձութեան այս գեղեցիկ մտայղացումը։

Տիար Խաժակ Սարգիսեան, խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հովիւին եւ հոգաբարձութեան, ապա գոհունակութիւն յայտնեց որ բոլոր իր սիրելիները, հարազատներն ու բարեկամները, եւ յատկապէս իր թոռները մէկտեղուած են այս երեկոյ: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ մինչեւ իսկ հեռակայ Ֆիլատելֆիայէն ժամանած էին իր ընտանիքի անդամներն ու զարմիկները։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլորին, ան իր մանկութեան օրերէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն միանալու անկիւնադարձային իր փորձառութեան մասին յիշատակ մը պատմեց։

Յիշատակելի երեկոն աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր “Պահպանիչ”ով, “Կիլիկիա” մաղթերգով ու Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ Կիրակի, 5 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Ս. Պատարագ մատուցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու սարկաւագներ:

Հաւատացեալներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. “Գոհութիւն եւ փառք կու տամ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթ ընծայեց Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքին հետ ըլլալու եւ մեր աղօթքները իրարու միացնելու”։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց ներկայ հաւատացեալները, ինչպէս նաեւ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Ս. Պատարագին ներկայ են կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ու անոնց դաստիարակները: Ան յատուկ կերպով գնահատեց գործունէութիւնը ծխական համայնքի վարչակազմին՝ Հոգաբարձութեան, երեսփոխաններուն, տիկնանց միութեան եւ յարակից միութեանց, ապա մեծ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթին եւ մեծարանքի երեկոյեան, ի պատիւ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ.Քհնյ. Շրիգեանի եւ Տիար Խաժակ Սարգիսեանի։

Առաջնորդ Սրբազանը օրուան Ճաշու Աւետարանի՝ Մարկոսի 11:27-33 հատուածի հետեւողութեամբ սկսաւ իր խօսքը։ Յիշելէ ետք Յիսուսի ձեռամբ Տաճարին մաքրագործումը, ան ըսաւ, որ ինչպէս Քրիստոսի օրերուն, այսօր ալ կան մարդիկ, որոնք Աստուծոյ տունը կը փորձեն վերածել անձնական շահու աղբիւրի. “Պէտք է զգոյշ ըլլանք, որպէսզի մեր եկեղեցւոյ ու ազգային հաստատութեանց ծառայողները գործեն միայն Տէրը փառաբանելու, մեր հաւատքի լոյսը տարածելու եւ մեր աւանդութիւնները պահպանելու նպատակով”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, նշելով, որ աստուածաշնչական պատգամները մեզի կþուսուցանեն որ Քրիստոսը ընդունինք իբրեւ մեր տէրն ու փրկիչը, ամբողջականօրէն վստահինք Իրեն եւ ընդունինք Իր հեղինակութիւնը, որովհետեւ այս հաւատքը մեզի կը ներշնչուի Աստուածաշունչին միջոցով: Ան նկատել տուաւ, որ մարդկային մեր նկարագիրին պատճառով, մենք տկար ենք ու մեղաւոր, երբեմն կը մերժենք ենթարկուիլ ճանչցուած հեղինակութիւններուն ու իշխանաւորներուն, մեր աչքերն ու ականջները կը փակենք ճշմարտութեան դիմաց, մինչդեռ, նախընտրելի է խոնարհութեամբ ընդունիլ ճշմարտութիւնն ու հեղինակութիւնները, ապրինք եւ գործենք համաձայն Տիրոջ պատուիրաններուն, հետեւինք մեր եկեղեցւոյ օրէնքներուն ու աւանդութեանց, պահապան կանգնելով դարերու խորքէն մեզի հասած ազգային ժառանգութիւններուն: “Պէտք է խոնարհաբար մեր կեանքերուն մէջ ընդունինք Աստուծոյ երկնային թագաւորութիւնն ու կամքը, մեր հոգիներուն աչքերն ու ականջները բաց պահենք այն Ճշմարտութեան առջեւ, թէ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, թագաւորներուն թագաւորն է ու բոլոր իշխանաւորներուն գերագոյն իշխանը”, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը ժողովուրդը խաղաղութեամբ արձակեց ու յետմիջօրէին վերադարձաւ Լոս Անճելըս:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022