Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2016ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները Կլենտէյի Ս. Աստուածածին եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցիներու ծխական ընտանիքի ներկայացուցիչներու, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութեան առիթով:
Առաջին այցելուներն էին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւներու: Շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան արտայայտութիւններ ունեցան Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Կարօ Քիւրքճեան: Հանդիպումը առիթ ընծայեց անմիջական ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու շուրջ խորհրդակցութեան:
Աւելի ուշ, Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեցին Ս.
buy singulair online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/singulair.html no prescription
Սարգիս Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի. ներկայ էին Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան անդամներ: Տէր Հայրը յանուն ծխական շրջանին շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը. շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեան արտայայտութիւններ ունեցան հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Գօգօ Փանոսեան եւ Ազգ. Երեսփոխան՝ Տիար Սարգիս Տէրվիշեան, ապա, խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ ծխական շրջանի յառաջիկայի ծրագիրներուն շուրջ:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքի ու բարի մաղթանքներուն համար, գնահատեց ծխական շրջաններուն ծառայողները եւ մաղթեց, որ վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակեն մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան գործը: