Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Բարերաներու Գնահատանքի Երեկոյ


Հինգշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը ձեռնարկ մը կազմակերպած էր, գնահատելու համար այն բարերարները որոնք այս տարի լիաբուռն նուիրատուութիւններով մասնակից եղան եկեղեցւոյ բարեզարդման ու բարեփոխութիւններու աշխատանքներուն։

Ճաշկերոյթի բնոյթով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Phoenicia ճաշասրահին մէջ, ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ներկայ էր Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան։

Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Տիար Արա Շապանեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց: Հանդիսավարն էր Կլենտէյլի քաղաքապետարանի քարտուղար Տիար Արտաշէս Քասախեան:

Սրտի խօսք արտասանեց Կլենտէյլի քաղաքապետ Տիար Զարեհ Սինանեան։

Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։ Ապա, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, որ փոխանցեց իր սրտի խօսքը։

Ձեռնարկին պաշտօնական բաժինը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման աղօթքով ու օրհնութեամբ։

Երեկոյի ընթացքին, անցեալին կատարուած նուիրատուութեան խոստումներու վրայ գումարուեցան նորեր, հոգաբարձութեան ծրագիրներուն իրագործման համար ապահովելով պատկառելի գումար մը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022