Ուրբաթ, 4 Մարտ 2016ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին հիւրընկալեց Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 46րդ տարեկան հաւաքը: Մասնակից էին Հայց. Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական, Նազովրեցի եւ Եղբայրութիւն եկեղեցիներէն տիկիններ: Օրուան բնաբանն էր Մարկոսի Աւետարանի 10րդ գլխուն 14րդ համարը. «Թոյլ տուէք մանուկներուն որ ինծի գան»:
Հանդիպումը սկսաւ հիւրասիրութեամբ մը. ապա, կանանց աղօթքի պահէն ետք, արարողութիւնը ընթացք առաւ հոգեւորականներու հանդիսաւոր մուտքով: Բացման աղօթքը կատարեց Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան: Երգուեցան շարականներ, արտասանուեցան սաղմոսներ, ընթերցուեցան աւետարանական հատուածներ եւ աղօթքներ:
Պատգամներ ուղղեցին Հայց. Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, ողջոյնի խօսք ուղղեցին կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, ապա հայերէնով եւ անգլերէնով օրուան պատգամները փոխանցուեցան։
Եզրափակիչ խօսքն ու փակման աղօթքը կատարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան: Ան անդրադարձաւ աղօթքի այս օրուան բնաբանին եւ յիշեցուց, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս յատուկ եւ խորունկ սէր ունէր մանուկներուն նկատմամբ, հետեւաբար, հաւատացեալ քոյրերն ու մայրերը յորդորեց Անոր հետեւողութեամբ սէր եւ հոգածութիւն ցուցաբերել մանուկներուն, եւ անոնց նման ըլլալ հեզ, խոնարհ, մաքուր հոգիով, եւ հաւատքով լեցուած: