Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը վաստակաշատ գրող եւ մտաւորական Վեհանուշ Թեքեանի, եւ յանուն Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ զայն պատուեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, իբրեւ գնահատանք եւ վարձատրութիւն՝ մեր գրաւոր մշակոյթի անդաստաններուն հարստացման անոր մասնակցութեան։
Յարգելի հիւրը Ազգ. Առաջնորդարան ժամանեց ընկերակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի ներկայացուցիչ Տիար Աբօ Պօղիկեանի, Համազգայինի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տիկին Սեդա Սիմոնեանի ու անդամներու, Թեքէեան Մշակութային Միութեան ներկայացուցիչ Տիար Բարսեղ Գարթալեանի եւ ընտանեկան հարազատներու։ Նշենք, որ Տիկին Վ. Թեքեան Լոս Անճելըս ժամանած է Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով, իր գրական գործունէութեան 50-ամեակի յոբելենական հանդիսութեան համար, որ կազմակերպուած է Համազգայինի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Պոլսահայ Միութեան, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ու «Ասպարէզ»ին կողմէ, Ուրբաթ, 9 Նոյեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ։ Հանդիպումին ներկայ եղան Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, Ազգային Վարչութեան ատենադպիր Տիկին Էլօ Պոյաճեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ու անձնակազմի անդամներ, ինչպէս նաեւ յոբելեարի հարազատներէն Դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, որ գլխաւոր բանախօսն է յիշեալ յոբելենական ձեռնարկին։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Տիկին Վ. Թեքեանի ու ընկերակիցներուն ներկայութիւնը եւ յայտնեց, որ առանձնաշնորհումը ունի յանուն Վեհափառ Հայրապետին պատուելու վաստակաւոր գրողն ու մտաւորականը։ Համազգայինի Շրջ. Վարչութիւնը, յոբելենական հանդիսութեան կազմակերպման օրերուն, փափաք յայտնած էր, որ Առաջնորդ Սրբազանը խնդրամատոյց ըլլայ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի օրհնութեան գիր մը շնորհէ մաշկոյթի գործիչին։ Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիաս իր վերջին այցելութեան առիթով՝ փափաքը հաղորդած է Նորին Ս. Օծութեան, որ որոշած է յոբելեարը պատուել «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։ Ան ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս ունկնդրելու Վեհափառ Հայրապետին կոնդակը, զոր ընթերցեց Տ. Ղեւոնդ Քահանայ։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը հայ գիրի դրօշակիրին կուրծքը զարդարեց շքանշանով, շնորհաւորեց զայն այս պատիւին արժանանալուն առիթով, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ անոր յանձնեց յուշանուէր մը։ Յայտնենք, որ Ուրբաթի յոբելենական հանդիսութեան առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը Վեհանուշ Թեքեանին ձօնած է գնահատագիր մը, որ լոյս տեսաւ հանդիսութեան յուշամատեանին մէջ։ Իր գնահատագիրին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կը նշէ, որ «իր ծննդավայր Պէյրութէն մինչեւ ամերիկեան ափեր՝ Վ. Թեքեան եղաւ ու կը մնայ իր սերունդին ամէնէն փայլուն մէկ ներկայացուցիչը։ Պատանութեան տարիներէն մինչեւ հասունացման այժմու փուլը, անոր ներաշխարհը արտացոլացած է արձակ ու բանաստեղծական էջերով, գեղարուեստական հրապարակագրութեամբ, միաժամանակ արձագանգ ըլլալով հայութեան ու մարդկութեան սրտի բաբախումներուն, Լիբանանն ու սփիւռքահայը յուզող տագնապներու. անոր գրաւոր վաստակին մէջ լայն տեղ կը գրաւեն յետ-ցեղասպանութեան պայմաններուն դէմ հայուն մաքառումը, վերընձիւղումը, պարտադիր սփիւռքացումէ բխող տագնապները՝ լեզուի նահանջն ու անոր պահպանումին տենդը, օտար միջավայրերու այլազան ներգործութիւնները»։ Ան կ’օրհնէ անոր վաստակը եւ կր գնահատէ արժանաւորը պատուելու Համազգայինի նախաձեռնութիւնները։
Շքանշանը ստանալէ ետք, խորապէս ազդուած՝ յարգելի գրողը շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազանին եւ Համազգայինին, որոնք զինք արժանի նկատած են այս պատիւին։ Ան յուզումով յիշեց իր գրիչի ընկերները, որոնցմէ ոմանք արդէն մեզի հետ չեն ու կանուխէն մեկնած են այս աշխարհէն, ապա վեր առաւ մեր եկեղեցւոյ ու Առաջնորդարաններուն դերը՝ մեր մշակոյթին ու անոր գանձերուն պահպանման մէջ եւ այս շքանշանը նկատեց այդ գանձարանէն իրեն հասնող մասնիկ մը։ Ան յիշեց, որ երբ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց մեր Այբուբենով վերադարձաւ Հայաստան, դիմաւորուեցաւ մեր եկեղեցւոյ ու պետութեան աւագանիին կողմէ. Հայաստանի մէջ ցնծութեան մթնոլորտ կը տիրէր, որովհետեւ բոլորն ալ գիտէին, որ ապահովուած է հայութեան յաւերժութիւնը։ «Այնպէս կը զգամ, որ ես ալ այդ պահուն հոն էի եւ անտեսանելիօրէն ստացայ այս շքանշանը», նկատել տուաւ ան եւ աւելցուց, որ Հայերէնը կը նկատէ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ լեզուն, ու եթէ մինչեւ իսկ հայ ծնած չըլլար ու ծանօթանար հայոց լեզուին՝ անպայման պիտի սորվէր զայն ու պիտի գրէր հայերէն։ Ան եզրափակեց այն համոզումով, որ ինք իր գրիչով բարի պատերազմը մղած է ու յաղթանակած, կը մաղթէ, որ նման նախաձեռնութիւններ շարունակուին ու տարածուին։
Նկատի ունենալով, որ նոյն օրերուն կը տօնուի նաեւ մեծարեալին ծննդեան տարեդարձը, պատրաստուած էր կարկանդակ մը, զոր ան հատեց շրջապատուած ներկաներով։
Շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեցին եւ գրողին վաստակին ու արժանիքներուն մասին խօսեցան Տիար Աբօ Պօղիկեան, Տիկին Սեդա Սիմոնեան, Տիկին Էլօ Պօյաճեան, Տիար Բարսեղ Գարթալեան եւ Դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, միաժամանակ մաղթելով, որ անոր գրիչը նոր ծաղկում ապրի ի սպաս մեր գրաւոր մշակոյթին։ Հանդիպումը շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցով ու ներկաներուն կողմէ շնորհաւորանքի ու բարեմաղթութեանց արտայայտութիւններով։ Մեկնելէ առաջ, յարգելի հիւրը ծանօթացաւ Ազգ. Առաջնորդարանի կարգ մը բաժանմունքներուն՝ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան, գրատան եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կանգնած յուշակոթողին։