Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։ Երեկոն կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի ու հոգաբարձութեան կողմէ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ձեռնարկին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիար Աւօ Քէշիշեան, Հ.Յ.Դ. «Լեռնավայր» կոմիտէի եւ քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Ողջոյնի եւ հոգաբարձութեան խօսքը արտասանեց ու հանդիսավարութիւնը կատարեց հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Գօգօ Փանոսեան։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հոգաբարձութեան աշխատանքներուն, ներկայացուց օրուան գլխաւոր հովանաւորը՝ Տէր եւ Տիկին Հրաչ եւ Լենա Գուլաճեան ամոլը։
Տ. Պօղոս Քահանայ կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդական փոխանորդը, որ ներկաներուն փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու բարի մաղթանքները, ապա գնահատանքի խօսք ուղղեց Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին։ Սրբազան Հայրը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Փասատինայի հայ գաղութին մասին եւ շնորհաւորեց ծխական համայնքը՝ հիմնադրութեան 33-րդ եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ օծման 13-րդ տարեդարձներուն առիթով։
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։