Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Տարեկան Ճաշկերոյթ

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան, Շաբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Թահանկայի «Great Caesar Banquet Hall»ին մէջ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնն ու շնորհաւորական խօսքը։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քեմանճեան, Թաւլեան մանկամսուրի, ծխական շրջանի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ.
buy viagra pack online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/viagra-pack.html no prescription

ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորն էր Տէր եւ Տիկին Ճօ եւ Հուրիկ Պաղտատլեան ամոլը։

Բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավարը՝ Տիկին Սօնա Գոլքաճեան. ան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց բարերարներուն ու մասնաւորաբար ձեռնարկի հովանաւորներուն, յիշեցուց, որ այս տարի եկեղեցին կը նշէ իր հիմնադրութեան 32-րդ ու օծման 12-րդ տարեդարձները, ու մաղթեց, որ երթը շարունակուի յաջողութեամբ ու պայծառութեամբ։

Հայր Թորգոմ եւ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան կատարեցին սեղանի օրհնութիւնը եւ բացման աղօթքը։ Ողջոյնի ու շնորհակալութեան խօսք արտասանեց հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Գօգօ Փանոսեան, որ նկատել տուաւ որ եկեղեցին կը գործէ ու աճ կ’արձանագրէ շնորհիւ հաւաքական աշխատանքի, ու վստահութիւն յայտնեց, որ հաւաքական այս տունը ապագային եւս պիտի վայելէ համայնքին զօրակցութիւնը։

Հայր Թորգոմ գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ ծառայողներուն վաստակին մասին եւ շեշտեց, որ եկեղեցին հզօր կը մնայ ու իր քրիստոնէական եւ հայկական ինքնութեամբ կը գոյատեւէ՝ շնորհիւ Աստուծոյ ներկայութեան։ «Իբրեւ ժողովուրդ կը յառաջդիմենք եւ կը դառնանք աւելի կազմակերպ համայնք, երբ կը համախմբուինք եկեղեցւոյ շուրջը եւ անոր կը նայինք իբրեւ մեր հաւատքին ու արժէքներուն միջնաբերդը, անոր կը ծառայենք հաւատքով ու նուիրումով», շեշտեց ան ու յատուկ կերպով գնահատեց հովիւը, հոգաբարձութիւնը, տիկնանց միութիւնն ու կամաւոր ծառայողները, որոնց միացեալ ճիգերուն շնորհիւ, համայնքը կը մնայ կենսունակ։ «Կը մաղթեմ, որ ձեր ներշնչումը ըլլայ անսպառ, աւելի ամուր կերպով կառչիք եկեղեցւոյ. դուք ձեր ձեռքերով կառուցեցիք այս եկեղեցին, կը մաղթեմ, որ երթը շարունակէք ձեռք-ձեռքի եւ սիրտ-սրտի», եզրափակեց Հայր Սուրբը։

Տարեդարձի այս ձեռնարկին առիթով, հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը ազնիւ մտածումը ունեցած էին պատիւի արժանացնելու եկեղեցւոյ աւելի քան 20 տարի ծառայած ծխականեր։ Յուշանուէրներու արժանացան Տեարք Յակոբ Ետալեան, Սարգիս Տէրվիշեան, Մարտիրոս Փանոսեան եւ Տիկին Սօնա Պատալեան։

Պաշտօնական յայտագիրի աւարտէն ետք, երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022