Փասատինայի Հայ Շրջանաւարտներու Ի Պատիւ Հանդիսութիւն


Կազմակերպութեամբ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի ու Հոգաբարձութեան, Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2016ի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Փասատինայի պետական երկրորդական վարժարաններու հայ շրջանաւարտներու գնահատանքի 27րդ տարեկան հանդիսութիւնը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց հանդիսութեան եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքի ու օրհնութեան խօսքը: Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն՝ Տիկին Թերէզ Քեմանճեան:

Հանդիսութեան ընթացքին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներ, Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ, Փասատինայի Քաղաքապետարանի եւ Կրթական Համակարգի ներկայացուցիչներ սրտի խօսքեր արտասանեցին. տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, որուն աւարտին կատարուեցաւ կրթանպաստներու բաշխում։ Օրուան պատգամաբերն էր իրաւաբան Արփի Ճիվէլէկեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ շնորհաւորեց շրջանաւարտները գնահատելով անոնց իրագործումները, ապա իր պատգամը փոխանցելով շեշտեց, որ կեանքը լեցուն է պատեհ առիթներով ու նաեւ մարտահրաւէրներով, եւ մէջբերելով Հին Կտակարանի խօսքերը՝ «Զօրացիր եւ քաջասիրտ եղիր, մի վախնար ու մի զարհուրիր, քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ ուր որ երթաս» համարը (Յես. 1։9), յորդորեց աշակերտները միշտ հաւատքով աղօթելու եւ ինքնավստահութեամբ ու համբերութեամբ շարունակելու իրենց աշխատանքը նորանոր իրագործումներ ձեռք բերելու համար եւ իբրեւ հայ քաղաքացիներ պատիւ բերելու իրենց ընտանիքներուն եւ գաղութին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը որ տարիներէ ի վեր այս գնահատանքի երեկոն կը կազմակերպէ քաջալեր հանդիսանալու մեր աշակերտութեան։

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ հոգեւոր հովիւին օրհնութեամբ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022