Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2017-ին, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Տիար Էնթընի Փորթանթինոյի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Տիար Փորթանթինոյին կ’ընկերանար շրջանի ներկայացուցիչը՝ Օր. Արտա Չաքեան։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ծերակուտականին ցայժմ ձեռք բերած իրագործումները Սաքրամենթոյի մէջ ու ապագայ աշխատանքային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի ծրագիրն ու անոր Հայաստան կատարած այցելութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Տիար Փորթանթինոյի նուիրեալ ծառայութիւնները՝ ի մասնաւորի ամերիկահայ համայնքին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ ծրագիրներուն իրականացման։