Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առիթով, Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային Վարժարանի աշակերտները քայլարշաւ-հաւաք մը ունեցան Հինգշաբթի, 31 Մարտին։
Առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեանի եւ դաստիարակներու, աշակերտական քայլարշաւը սկսաւ վարժարանի համալիրէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանը, ուր դիմաւորուեցաւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի անդամ Տիար Ճէք Հաճինեանի կողմէ, որ Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարանի շրջանաւարտներէն է։ Շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն. յարգելով մեր նահատակներուն յիշատակը, քաղաքապետարանի դրօշը կէս կայքի ծածանեցաւ։ Ապա աշակերտները, ընկերակցութեամբ քաղաքապետարանի պաշտօնատարներու, շարունակեցին իրենց քայլարշաւը եւ հասան Նահատակաց Յուշարձան, ուր համախմբուած էին հայկական վարժարաններու աշակերտներ։
Պաշտօնական յայտագիրի բաժինով, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէնը։ Բացման աղօթքը կատարեցին Մոնթեպելլոյի Ս.
buy levitra super force online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/levitra-super-force.html no prescription
Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր տեսուչ Գերպ.
buy light pack online www.adentalcare.com/wp-content/themes/medicare/editor-buttons/images/en/light-pack.html no prescription
Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան ու հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Աշակերտները խմբովին արտասանեցին աշակերտական ուխտը եւ երգեցին Հայաստանի քայլերգը։ Յարգանքի խօսք արտասանեց Տիար Ճէք Հաճինեան։ Իրագործուեցաւ նաեւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ արուեստագէտ Կրէկ Հօշարեանի։
Հայր Միւռոն ու Աշոտ Քահանան կատարեցին յատուկ աղօթք, նուիրուած Ապրիլեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։
Աշակերտները իրենց յարգանքը մատուցեցին ծաղիկներ զետեղելով յուշարձանին առջեւ։