Մանուկներու եւ պատանիներու կրօնադաստիարակչական եւ հայեցի կրթութեան նուիրուած Կիրակնօրեայ դպրոցները կը վայելեն անվերապահ հովանաւորութիւնը Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, որուն օրհնութեամբ Շաբաթ, 21 Օգոստոս 2021-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերու միօրեայ հաւաք-մրցոյթ, կազմակերպութեամբ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին:
Հաւաքը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ մը, որուն աւարտին հնչեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու «Մաղթերգ»ը: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիար Րաֆֆի Թորոսեան, իսկ Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան, որմէ ետք Տիկ. Սօսի Կիւրեղեան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ հոգեբան-հոգեբոյժ Տիկ. Նորա Շիթիլեանը, որ հանգամանօրէն եւ անմիջական օրինակներով խօսեցաւ, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միջոցներով աշակերտները պիտի կարենան վերադառնալ բնականոն կեանքի, պսակաձեւ համաճարակային ժահրի պատճառած բազում ամիսներու կաշկանդումներէ եւ արգելքներէ ետք: Մասնագէտը նաեւ յուսադրեց եւ քաջալերեց ներկաները՝ յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ անձկագին վիճակները: Դասախօսութեան աւարտին, ներկաները առիթ ունեցան ուղղելու հարցումներ եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ:
Գերշ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, գնահատեց եւ շնորհաւորեց դասախօսուհին, ապա յիշատակի նուէր մը յանձնեց անոր, առ յերախտագիտութիւն: Հաւաքական ճաշէն եւ դադարէն ետք տեղի ունեցաւ մրցոյթ. ուսուցիչներ չորս խումբերու բաժնուեցան եւ վեց բաժին հարցումներու պատասխանեցին։ Մրցակից խումբերը կը կրէին չորս աւետարանիչներուն անունները (Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս, Յովհաննէս):
Կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ աւանդուող սուրբ գրային նիւթերու աւելի քան հարիւր հարցումներու, աղօթքներու, ոսկեղէն համարներու, շարականներու եւ տօներու մասին մրցոյթին յաղթող խումբը, ինչպէս նաեւ բոլոր մասնակիցներն ու ուսուցիչները ստացան յատուկ նուէրներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով Հայր Միւռոն շնորհաւորելէ ետք յաղթական խումբը, բարձր գնահատեց բոլոր մասնակիցները եւ անոնց ամբարած գիտելիքները: Մրցոյթ-հաւաքը վերջ գտաւ ժամը 3:30-ին, արդիւնաւէտ եւ յիշատակելի օր մը պարգեւելով բոլոր մասնակիցներուն։