Շաբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թեմիս Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող Մարմինին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու ուսուցչական կազմերու միօրեայ սեմինարը։ Հոգեւորականաց դասու անդամներու կողքին ներկայ էին Կիրակնօրեայ Դպրոցներու աւելի քան 25 տեսուչներ եւ ուսուցիչներ։
Հաւաքը սկիզբ առաւ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ Գիշերային ժամերգութեամբ, որուն ընթացքին երգուեցաւ Թարգմանիչ Սուրբերուն նուիրուած «Որք Զարդարեցին» շարականը։ Սեմինարին բացումը կատարուեցաւ Կիրակնօրեայի քայլերգի երգեցողութեամբ։
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի տեսուչ եւ Վերահսկող մարմինի համաատենապետ Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն մը եւ մէջբերում ըրաւ Մատթէոսի աւետարանի 10-րդ գլուխի 42-րդ համարէն. «Եւ ով որ այս փոքրիկներէն մէկուն նոյնիսկ գաւաթ մը պաղ ջուր կու տայ խմելու՝ իմ աշակերտս ըլլալուն համար, վստահ եղէ՛ք, որ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ»։ Յաջորդաբար խօսք առին համաատենապետ Րաֆֆի Թորոսեան եւ մասնակից Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսուչները, որոնք զեկոյցներ ներկայացուցին իրենց վարժարաններուն մասին։
Օրուան գլխաւոր դասախօսութիւնը ներկայացուց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, նիւթ ունենալով՝ «Յիսուս Բարի Հովիւը»։ Բարի Հովիւի առակին այլաբանական ներկայացումը կատարելով, ան խօսեցաւ Հայ Մանկան ու պատանիին սպառնացող հակակրօն ու ապաբարոյ ազդեցութիւններուն ու անոնց առաջքը առնուելու հնարաւորութիւններուն եւ միջոցներուն մասին։
Կրթութեան, դաստիարակութեան, բարոյական եւ մարդկային վեհ արժէքներու գանձատունը Աստուածաշունչ մատեանն է ըսաւ ան, որ մեզի կը յուշէ պատգամելով՝«Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի երբ ծերանայ՝ անկէ չշեղի» (Առակաց 12։6):
Երկրորդ Դասախօսն էր Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, որ ներկայացուց «Թարգմանչաց Տօնը եւ Հայոց Ոսկեդարու Կերտիչները» նիւթը, կարեւորելով թարգմանիչներուն ունեցած ներդրումը հայ ինքնութեան կազմաւորման վրայ։ Ան շեշտը դրաւ հայ լեզուին ունեցած կարեւոր դերին, յատկապէս երիտասարդութեան մէջ։
Տ. Գարեգինի ներկայացումէն ետք, ներկաներուն ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը՝ «Յիսուս բարի Հովիւը» նիւթին մասին։ Ապա գործնական աշխատանիստ մը տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ երկու նիւթերուն կապակցութեամբ։
Փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան առաջին հերթին գնահատեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վերահսկող Մարմինի անդամներն ու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, իրենց բազմերախտ աշխատանքներուն եւ նուիրումին համար։ Խօսելով ժամանակի պահանջներուն հաղորդ ըլլալու հրամայականին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց վերանորոգումի հրաւէրին ընդառաջելու կարեւորութիւնը։ «Ինչպէս որ արարչութեան բոլոր տարրերը զարգացման բնական հոլովոյթի մէջ են, այնպէս ալ մարդկային կեանքը իր բոլոր մարզերով՝ ներքնապէս թէ արտաքնապէս, կարիքը ունի վերանորոգման, յառաջդիմութեան եւ այժմէականացման», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը, յորդորելով ներկաները, որպէսզի նոր աւիւնով եւ վերանորոգ հոգիով, հաւատքով, նուիրումով, սերտ գործակցութեամբ ու ծառայութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Խօսելով Թարգմանչաց սերունդի մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ պէտք չէ միայն հպարտանալ նախնեաց աւանդով, այլ պէտք է իւրացնել զանոնք եւ բաժնեկից դարձնել նոր սերունդին։
Համագումարը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։ Ապա, իւրաքանչիւր վարժարանի նուիրուեցաւ »Հայ Պատանիին Աստուածաշունչ«էն օրինակներ եւ ուսուցիչներուն յանձնուեցան սրբանկարներ։