Կիրակնօրեայ Վարժարաններն ու Ս. Գրոց Սերտողութեան Պահերը Պիտի Վերսկսին


Կիրակի, 8 Սեպտեմբերին, կը սկսին  մեր Թեմի եկեղեցիներու կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներու արձանագրութիւնները, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին։

Խաչվերացի տօնը, 15 Սեպտեմբերը, մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի օրն է։ Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները իրենց շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ներկայ պիտի ըլլան Ս. Պատարագի ու Ս. Հաղորդութիւն պիտի ստանան, նոր տարեշրջանը աղօթքով ու Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեամբ սկսելու համար։

Նշենք, որ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբերի երեկոյեան, վերամուտի պատրաստութեան իր ժողովը պիտի գումարէ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Սեպտեմբեր 16-ին, կը վերսկսին Թեմիս եկեղեցիներու Ս. Գրային սերտողութիւններու  հանդիպումները, առաջնորդութեամբ Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն, Գրիգոր եղբայր Մսըրլեանի եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի աշխատանքներու վարիչ քարտուղար՝ Բարեշնորհ Խաչիկ Սարկաւագ Շաննագեանի։  Ծանօթ է, որ վերջերս մեր Թեմի հոգեւորականաց դասուն միացան Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան եւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ կը ծառայեն, յաջորդաբար, Փասատինայի Ս. Սարգիս եւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներուն։ Անոնք մասնակից են Ս. Գրային սերտողութեան ու Կիրակնօրեաներու աշխատանքներուն։

Յայտնենք, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Եղբայրակցութեան կազմակերպած սերտողութիւնները եւս պիտի շարունակուին Թեմիս կարգ մը եկեղեցիներուն մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022