Հինգշաբթի, 28 Յունիս 2018-ին, տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի նոր ոստիկանապետ՝ Մայքլ Մորի երդման արարողութիւնը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, բանտերու ծառայութեան պատասխանատու Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան ներկայ եղաւ արարողութեան։
Խօսք առին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Տիար Էրիք Կարսեթի, քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Տիար Հըրպ Ուէսըն եւ ոստիկանութեան խորհուրդի նախագահ Տիար Սթիվ Սոպըրօֆ։ Տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը, զոր վարեցին Տեարք Կարսեթի ու Սոպըրօֆ։ Ոստիկանապետ Մայքլ Մոր իր կարգին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլորին։