Փասատինայի «Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան» Ազգային Մանկամսուր-Մանկապարտէզը Ուրբաթ, 9 Փետրուար 2018-ին, նշեց հիմնադրութեան 25-ամեակը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Վերթիկօ» սրահին մէջ։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ներկայ եղաւ եւ կատարեց բացման աղօթքը։
Խօսք առին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, վարժարանի Ուսումնական Մարմինի եւ շրջանաւարտներու ներկայացուցիչները։ Ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն մը։ Վարիչուհին՝ Տիկին Կարին Չուքատարեան արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը, ապա հրաւիրեց Հայր Թորգոմը՝ ընթերցելու Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան խօսքը եւ կատարելու փակման աղօթքը։
Առաջնորդ Սրբազանը կ’ողջունէր Ազգային «Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան» Մանկամսուր-Մանկապարտէզի տեսչութիւնը, Ուսումնական Մարմինը, անձնակազմն ու բարերարները, հաստատութեան հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով եւ կը մաղթէր նոր ծաղկում ու նուաճումներ՝ մանկատի սերունդներու դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ։
Ան կը նշէր, որ այս մանկամսուրին մարմնաւորումը արդիւնք էր տեսլական ունեցող խումբ մը հայորդիներու, որոնք Փասատինայի ուռճացող համայնքին մէջ զգացած էին հայկական ուսումնարանի մը կենսական կարեւորութիւնը եւ այս մանկամսուրի ծրագիրը իրականացնելու համար, հիմնադիրները իրենց կողքին ունեցան նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կանգնող զօրակիցներ, մասնաւորաբար Թաւլեան բարերար ընտանիքը։ Համայնքը իրականացուց երազը եւ 25 տարի առաջ մարմին առաւ այս գունագեղ ուսումնարանը, որ ծաղկեցաւ մանուկներու ճռուողիւնով, գործեց եկեղեցւոյ հովանիին տակ ու վայելեց անոր ամբողջական զօրակցութիւնը՝ նիւթական ու բարոյական գետիններու վրայ։
Անդրադառնալով սերնդակերտ ուսուցիչներու ազնիւ առաքելութեան, Առաջնորդ Սրբազանը կը շեշտէր, որ «նուիրեալ դաստիարակներ տարուէ տարի այս հաստատութեան սեմէն ներս մուտք գործող դեռատի մանուկներու ջամբեցին քրիստոնէական ու ազգային ոգի, հայերէն աղօթքը, երգն ու ոտանաւորները մանկացան աշակերտներու շուրթերուն»։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը կ’եզրափակէր օրհնելով յիշատակը հիմնադիրներուն ու գնահատելով նախկին ու այժմու վարիչուհիներն ու նուիրեալ դաստիարակները։