Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուրը ուսումնական 2014-2015 տարեշրջանի պաշտօնական իր վերամուտը ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Օգոստոս 2014ի առաւօտուն, վայելելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայութիւնն ու օրհնութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան անդամներ, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի եւ վարժարանի Ոուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչներ:
Առաջնորդ Սրբազանը, վարժարանի մուտքին, դիմաւորուեցաւ դաստիարակներուն, աշակերտներուն եւ խումբ մը ծնողներու կողմէ: Աշակերտները արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը. Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց աղ ու հացի եւ ջուրի օրհնութիւնը, այսպէսով օրհնելով դպրոցն ու անոր յարկը վայելողները: Մանկամսուրի վարիչուհին՝ Տիկին Հելէն Մանուչարեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, շնորհակալութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ բարի գալուստ մաղթելով աշակերտներուն ու ծնողներուն. ապա, աշակերտները ուղղուեցան իրենց դասարանները:
Առաջնորդ Սրբազանը, տնօրէնուհիին, ուսուցիչներու, եւ հիւրերուն հետ այցելեց դասարանները, ունկնդիր եղաւ աշակերտներու երգերուն եւ արտասանութիններուն, ու իրենց հասկնալի ու հաղորդական ոճով խօսելով՝ զանոնք յորդորեց ըլլալ տիպար հայ աշակերտներ: Մանուկները խոստացան ըլլալ աշխատասէր, աղօթող, սիրել դպրոցը, ուսուցիչներն ու ծնողները, ապրիլ հայութեամբ: Անոնք նաեւ խաչահամբոյրով ստացան Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնները: