Ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2016ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուրի բազմամեայ վարիչուհի Տիկին Հելէն Մանուչարեանի ի պատիւ մեծարաքի ձեռնարկ մը, նախաձեռնութեամբ Մանկամսուրի Ուսումնական Մարմինին եւ հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան եւ Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան: Ներկայ էին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Փասատինայի գաղութի հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ վարժարանի բարեկամներ:
Հիւրընկալութիւնը կազմակերպուած էր Տիկին Մանուչարեանի ուսումնական այս տարեշրջանի աւարտին հանգստեան կոչուելուն առիթով: Խօսք առին Խնամակալ եւ Ուսումնական մարմիններու եւ գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, որոնք դրուատիքով խօսեցան Տիկին Հ. Մանուչարեանի վաստակին մասին եւ գնահատագիրներ ու յուշանուէրներ յանձնեցին մեծարեալին։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Տիկին Հելէն Մանուչարեանի ծառայութինները եւ օրհնութեան գիր մը շնորհեց վաստակաշատ դաստիարակին. Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ հայ մանուկի դաստիարակութեան անդաստաններուն ու մասնաւորաբար Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուրին մէջ անոր երկարամեայ ծառայութիւնը, օրհնեց անոր նուիրումը եւ նշեց. «Տիկին Հելէնը ճանչցած ենք իբրեւ անձնդիր ծառայող, որ աւելի քան 20 տարիներու ընթացքին, յիշատակելի ներդրում ունեցած է Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուրի կեանքին մէջ, նպաստելով անոր բարգաւաճման: Կրթական այս հաստատութեան խնամքին յանձնուած մատղաշ մանուկներուն հետ ան վերաբերած է իբրեւ հոգածու մայր, նման իր հարազատ զաւակներուն: Եղած է սիրալիր գործակից՝ նոյն յարկին նուիրեալ դաստիարակներուն, ուր մեր քրիստոնէական ու ազգային արժէքները մատչելի դարձուցած է հայ մանուկին, հետեւելով մեր Տիրոջ պատգամին, որ կ’ըսէ.- «Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը… »: