Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2017ի առաւօտուն, նախագահեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան, որուն ներկայ եղան շրջանի »Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան« մանկամսուրի աշակերտները, վարիչուհիին՝ Տիկին Կարին Ջուխատարեանի, դաստիարակներու եւ ծնողներու ընկերակցութեամբ: Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին նոր դպրապետը՝ Երուանդ Քէշիշեանն ու սարկաւագները:
Աշակերտները պահ մը մասնակից եղան արարողութեան, երգելով «Հայր Մեր»ը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ եւ առաջ մանուկներուն հետ ունեցաւ զրոյցի պահ մը, անոնց թելադրելով ըլլալ աշխատասէր, ընկերասէր, սիրել դպրոցն ու ուսուցիչները, սիրել զԱստուած, եւ ամէնէն կարեւորը՝ գիտնալ, որ մեզ ամէնէն աւելի սիրողը Աստուած է:
Ան նաեւ աշակերտներէն խոստում ստացաւ որ հաւատարիմ պիտի մնան մեր քրիստոնէական հաւատքին ու հայկական ժառանգութեանց, միաժամանակ գնահատեց դաստիարակներուն նուիրեալ ծառայութիւնները։ Իսկ հաւատացեալներուն ուղղած պագամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ մեր եկեղեցւոյ յատուկ այս սրբազան արարողութենէն բխող խորհուրդներն ու թելադրանքները։ Ան շեշտեց, որ Մեծ Պահոց ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է մեր մէջէն վանելու մարդկային թերութիւնները, մոլութիւններն ու թուլութիւնները, եւ անոնց փոխարէն զարգացնելու առաքինութիւնները։