Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային Մանկամսուր-Մանկապարտէզը, տօնական օրերու սեմին, կազմակերպած էր հանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2015ի յետմիջօրէին, Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդէսին, որուն ընթացքին, մանուկները պատկերաւոր կերպով ներկայացուցին Ս. Ծննդեան պատմութիւնը: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիար Անդրանիկ Գասպարեան։
Պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ Տէրունական Աղօթքով: Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց մանկամսուրի վարիչուհին՝ Տիկին Հելէն Մանուչարեանը, վարժարանին եւ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ ընտանիքին անդամները, անոնց փոխանցելով տօնական օրերու բարեմաղթութիւններ: Ան յայտնեց, որ Յիսուսի Ս. Ծնունդով, Աստուած մարդուն հանդէպ իր սէրը արտայայտեց, միաժամանակ տալով համեստութեան ու խոնարհութեան պատգամ մը: Անդրադառնալով Աւետարանի օրուան դրուագին՝ Փարիսեցիին ու Մաքսաւորին առակին, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս դրուագը եւս խոնարհութեան եւ անկեղծութեան պատգամ մըն է: Ան շեշտեց, որ մանուկներն ալ մարմնաւորումն են մաքրութեան, պարզունակ հաւատքի եւ բարութեան, հետեւաբար, հրաւիրեց ներկաները վարակուելու մանուկներու բարի հոգիով:
Մանուկները պատրաստած էին Ս. Ծնունդի պատմութիւնը ներկայացնող պատկեր մը, որ արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին: