Հինգշաբթի, 20 Մարտ 2014-ի առաւօտեան, Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային Մանկամսուր-Մանկապարտէզի աշակերտները այցելութիւն մը տուին Ազգային Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ՚ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։
Շուրջ 60 աշակերտներ, գլխաւորութեամբ վարժարանի վարիչ Տիկին Հէլէն Մանուչարեանի, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ խումբ մը ծնողներու, խմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ հաւաքական «Տէրունական» աղօթքով եւ Արեւագալի «Լոյս» շարականի երգեցողութեամբ օրը օրհնութեամբ սկսաւ, որմէ ետք մատուռին մէջ աշակերտները եւ ուսուցիչները խմբանկար մը առին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ:
Ապա, աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր անոնք ներկայացուցին իրենց պատրաստած գեղեցիկ յայտագիրը: Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի, Տիկ. Սիւզի Փաշայեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, աշակերտները America the Beautiful եւ Հայաստանի քայլերգը երգելէ վերջ, Հայրենիքին, Գարնան, եւ բարութեան նուիրուած փունջ մը երգեր եւ բանաստեղծութիւններ ներկայացուցին:
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէն վերջ, աշակերտները համախմբուեցան «Սուլահեան» սրահին մէջ, ուր Առաջնորդ Սրբազանը իրենց բարի գալուստ մաղթեց եւ բացատրեց որ կը գտնուին Ազգ. Առաջնորդարանին դահլիճին մէջ ուր պաշտօնական հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան, եւ աշակերտական այս այցելութիւնն ալ այսօր պիտի վերածենք «ժողովի» հանդիպումի մը։ Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ որ անոնք հայ ազգի զաւակներ են, նաեւ հայ քրիստոնեայ են, այնպէս որ «պէտք է հայերէն խօսիք եւ տիպար քրիստոնեաներ ըլլաք, որ երբ մեծնաք մեր առաջնորդները դառնաք. եւ միշտ պէտք է ձեր ծնողներուն եւ մանաւանդ Աստուծոյ շնորհակալ ըլլաք ձեզի պարգեւուած բոլոր բարիքներուն համար»։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանն ու աշակերտները միասնաբար արտասանեցին՝ «Փառք քեզ Աստուած, շնորհակալ ենք բոլոր բարիքներուդ համար» մաղթանքը։
Շարունակելով հաճելի հանդիպում-հաւաքը, «ժողովական» աշակերտները երեք որոշումներ որդեգրեցին, որոնք միաձայնութեամբ վաւերացուեցան։
ա.- Անոնք խոստացան լաւ հայ ըլլալ։
բ.- Անոնք խոստացան միշտ շնորհակալ ըլլալ իրենց ծնողաց եւ ուսուցիչներուն։
գ.- Անոնք խոստացան միշտ շնորհակալ ըլլալ Աստուածոյ ամէն ինչի համար։
Առաջնորդ Սրբազանը ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն ակնարկելով, ըսաւ «Ձեր պարտականութիւնն է այս որոշումները գործադրել»։
Եզրափակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութիւն յայտնեց այս հանդիպումին համար եւ գնահատեց աշակերտներուն ներկայացուցած գեղեցիկ յայտագիրը, մաղթելով եւ աղօթելով որ Աստուած իրենց շնորհքներուն մէջ աւելի հարստացնէ։ Ան գնահատեց նաեւ Տիկին Մանուչարեանին տարած աշխատանքը եւ մաղթեց որ նոյն ոգիով շարունակէ իր սերնդակերտ եւ ազգանուէր առաքելութիւնը։
Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթքներ նուիրեց աշակերտներուն։ Տիկին Հէլէն իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այս հաճելի այցելութեան համար եւ աշակերտներուն կողմէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց ձեռագործ յուշանուէր մը։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կարգին դպրոցին նուիրեց Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ խորհրդանիշով յուշանուէր մը։
Ապա, աշակերտները առիթը ունեցան ծանօթանալու Ազգային Առաջնորդարանի բաժանմունքներուն եւ անոնց մէջ տարուած աշխատանքներուն:
Աշակերտները լաւ յիշատակներով մեկնեցան Ազգ. Առաջնորդարանէն։