Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուր-Մանկապարտէզի Աշակերտներու Մտերմիկ Հանդիպումը Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հետ


Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգ. Մանկամսուր-մանկապարտէզի աշակերտները, Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015ի առաւօտեան, այցելութիւն մը տուին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Սրբազանին կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։

Աշակերտները, գլխաւորութեամբ վարժարանի վարիչ Հէլէն Մանուչարեանի, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն եւ խումբ մը ծնողներու, համախմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ՝ այցելութեան ծրագիրը սկսաւ հաւաքական Տէրունական աղօթքով եւ Արեւագալի «Յարեւելից» շարականի երգեցողութեամբ, որմէ ետք մատրան մէջ աշակերտները եւ ուսուցիչները խմբանկար մը ունեցան:

Ապա, աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Տիկ. Սիւզի Փաշայեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ, աշակերտները երգեցին Հայաստանի քայլերգը, արտասանեցին հայրենիքին, գարնան եւ Ս.
buy amitriptyline Canada https://langleyrx.com/amitriptyline.html no prescription

Զատկուան նուիրուած փունջ մը երգեր եւ բանաստեղծութիւններ: Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէն ետք, աշակերտները համախմբուեցան «Սուլահեան» սրահ, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոքրիկ հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց եւ բացատրեց որ կը գտնուին Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճը, ուր պաշտօնական հանդիպումներ տեղի կÿունենան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թելադրեց որ աշակերտներ ըլլան բարի եւ աշխատասէր, լաւ հայ եւ շնորհակալ ըլլան ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ մանաւանդ շնորհակալ ըլլան Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն համար։ Աշակերտները համարձակօրէն պատասխանեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր Աւագ Շաբթուան ու Ս. Զատկուան մասին հարցումներուն եւ իրենք իրենց կարգին զանազան բնոյթի հարցումներ ուղղեցին Սրբազան Հօր։

Եզրափակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութիւն յայտնեց այս հանդիպումին համար եւ գնահատեց աշակերտներուն ներկայացուցած գեղեցիկ յայտագիրը՝ մաղթելով եւ աղօթելով, որ Աստուած աւելի հարստացնէ զանոնք շնորհքներով ու տաղանդներով։ Ան գնահատեց նաեւ վարժարանի վարիչն ու ուսուցչուհիները եւ մաղթեց, որ նոյն ոգիով շարունակեն իրենց ազգանուէր առաքելութիւնը։ Ս. Զատկուան առթիւ Սրբազան Հօր շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները կանխաւ ընդունելէ ետք, աշակերտները առիթ ունեցան ծանօթանալու Ազգային Առաջնորդարանի բաժանմունքներուն եւ անոնց մէջ տարուած աշխատանքներուն: Աշակերտները լաւ յիշատակներով մեկնեցան Ազգային Առաջնորդարանէն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022