Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն, ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Պատգամաւորական 97-րդ ժողովի բացումը կատարուեցաւ Հայ Քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ, Մոնթրոզ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր պատգամը։
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փօլատեան, որուն հետեւեցան դրօշակի արարողութիւնն ու քայլերգներու երգեցողութիւնը։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթքով կատարեց բացումը եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու պատգամը։ Ան առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ այս ժողովին առիթին համար եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց, բոլոր ՀՕՄ-ուհիներու հայրենաշէն ու ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն մասին, ընդգծելով, որ նման ժողովներ առիթ կը հանդիսանան ըստ արժանւոյն գնահատելու ՀՕՄ-ի ազգանուէր աշխատանքները։ Իր խօսքի աւարտին, ան օրհնեց բոլոր ՀՕՄ-ուհիներուն նուիրումը եւ հաստատեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանը կը կանգնի անոնց կողքին։
Յանուն Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին, խօսք առաւ Տիար Կարօ Իսբէնճեան, իսկ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Մարալ Մաթոսեան, որոնք յաջողութիւն մաղթեցին ժողովի աշխատանքներուն։