Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Երկրդ. Վարժարանի Տնօրէնն Ու Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 14 Յունուար 2021ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը ներկայացնող պատուիրակութեան մը՝ գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեանի, ընկերակցութեամբ վարժարանի Ուսումնական մարմնի ատենապետ Վահէ Թաշճեանի, անդամ Մուրատ Շահինեանի եւ ՀՕՄի «Մարի Փոսթոյեան» մանկամսուրի վարիչ Քրիսթինա Մովսէսեանի:

Այցելուները իրենց ջերմագին շնորհաւորութիւնները յայտնեցին Սրբազան Հօր՝ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմակալ առաջնորդ ընտրութեան առթիւ եւ վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով Սրբազան Հօր փոխանցեցին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւններ: Ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի ազգային նկարագիրը, հայակեդրոն եւ հայանպաստ առաքելութիւնն ու արձանագրած նուաճումները:

Հանդիպման ընթացքին յոյս յայտնուեցաւ, որ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ պատուաստումը շուտով կ՛ընդհանրանայ, երկիրը իր բնականոն կեանքին կը վերադառնայ, իսկ աշակերտական ուրախ ճռուողիւնն ու ջերմ ներկայութիւնը վերստին կ՛իմաստաւորեն փոքրին ու մեծին, աշակերտին ու ուսուցիչին, պատասխանատու մարմիններու, ծնողներու եւ վարժարանին առօրեան: Այս առիթով Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ յիշեց մօտիկ անցեալին նոյն վարժարանի 12րդ կարգի աշակերտութեան իբրեւ կրօնաբարոյական նիւթերու ուսուցիչ իր դասաւանդման պահերը՝ արձանագրելով, որ հայ-քրիստոնեայ աշակերտութեան հետ իր շփումներն ու անցուցած խորիմաստ, երջանիկ վայրկեանները անջնջելի պիտի մնան իր հոգիին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց վարժարանի ծրագիրներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022