«Աստուածամայրը եղաւ անսպառ սէր, անսպառ աղօթք ու անսպառ ներում»

«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԵՂԱՒ ԱՆՍՊԱՌ ՍԷՐ, ԱՆՍՊԱՌ ԱՂՕԹՔ ՈՒ ԱՆՍՊԱՌ ՆԵՐՈՒՄ»

ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ

Կիրակի, 12 Օգոստոս 2018-ին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին նշեց Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի երկրէն երկինք փոխադրուելուն՝ Վերափոխման տօնը, որ Աստուածամօր նուիրուած եօթը տօներէն մեծագոյնն է, մեր Եկեղեցւոյ չորրորդ տաղաւար տօնը։ Այս առիթով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւն, հաւատացեալներուն հոգիները համակելով օրուան խորհուրդով ու տօնական ցնծութեամբ:

Այս տօնը անուանակոչութեան տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի մեր եկեղեցւոյ մէջ, ուղղեց իր պատգամը եւ յաւարտ Ս. Պատարագի՝ կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւնը։

Նշենք, որ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին,  քարոզեց եւ յաւարտ Ս. Պատարագի խաղողօրհնէք կատարեց, իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ս. Պատարագ մատուցեց, իր պատգամը ուղղեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Կլենտէյլի Ս. Պատարագին, Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանն ու Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը, ինչպէս նաեւ սարկաւագաց ու դպրաց դասը:  Հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան կողքին, Ս. Պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ երեսփոխանները,  հոգաբարձութեան անդամները եւ շրջանի հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին հաղորդակից ըլլալու օրուան խորհուրդին։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ

Առաջնորդ Սրբազանը ամէն բանէ առաջ փառք ու գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս բոլորս արժանի դարձուց հաւաքաբար ներկայ ըլլալու հոգեպարար տօնակատարութեան, որ հրաւէր մըն է Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդութեան ուխտի վերանորոգման, Աստուծոյ խօսքին հետ մտերմութեան, նաեւ՝ խոնարհութեան, հեզութեան, սրբութեան ու մաքրութեան տիպարին՝ Աստուածամօր օրինակին հետեւելու եւ մեր կարգին օրինակ դառնալու մեր նմաններուն։

Անդրադառնալով Աստուածամօր սրբակեաց վարքին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ ան համայն մարդկութեան համար եղաւ խորհրդանիշ ու տիպար, որովհետեւ ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ հաւատքով ու աղօթքով՝ դառնալով այն տաճարը, որ իր մէջ պարփակեց մարդկութեան Փրկիչը։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը Աստուածամօր կեանքէն երեք դէպքեր մատնանշեց, որոնց պատճառով պէտք է հայցենք Ս. Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը, առաջին՝ Աստուածամայրը ի սկզբանէ ընտրուած էր Աստուծոյ կողմէ, որովհետեւ նոյնիսկ իր ծնունդը հրաշք մըն էր իր ծնողներուն համար. ան ուխտի զաւակ էր՝ պարգեւ մարդկութեան։ Երկրորդ՝ ան իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին, այդ իսկ պատճառով, բոլոր կիներուն մէջ օրհնեալ հռչակուեցաւ։  Երրորդ՝ ան մայրութեան մեծագոյն օրինակը եղաւ։ Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ մահը իր Որդւոյն հետ եղաւ, հետեւաբար, ան է եւ կը մնայ մեր բոլորին մայրը։

«Աստուածամայրը եղաւ անսպառ սէր, անսպառ աղօթք ու անսպառ ներում. հակառակ որ այս աշխարհին մէջ տառապանք տեսաւ, իր սիրտէն սուր անցաւ եւ տեսաւ իր Միածին Որդւոյն չարչարանքն ու մահը, սակայն մնաց բարութեան ու մայրական առաքինութեանց տիպարը, իբրեւ բարեխօս ու միջնորդ համայն մարդկութեան», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, յորդորելով հաւատացեալները գիտակցելու մեր մայրերուն զոհողութեան, սիրոյն ու նուիրումի առաքինութեանց։

Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Ս. Աստուածածինի հանդէպ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ յատուկ սիրոյն ու յարգանքին վրայ, նշելով, որ Աստուածածինը եղաւ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ պաշտպանն ու խնամատար բարեխօսը, որովհետեւ Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին մէջ բաժին ու մասնակցութիւն ունեցաւ։ Ան իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով բոլորին՝ յատկապէս մայրերուն ու քոյրերուն, որպէսզի խնդրեն Աստուծմէ, որ իրենք ալ զգենուն Աստուածամօր առաքինութիւնները եւ հայցեն, որ Ս. Կոյսը բարեխօսէ բոլորին համար, վերանորոգէ բոլորին կեանքը՝ խոնարհութեան, հնազանդութեան, հաւատքի եւ յոյսի սերմերը ցանելով բոլորին սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի խաղաղութեան ու բարօրութեան համար Ս. Աստուածածնի բարեխօսութիւնը հայցեց։Այնուհետեւ, ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, գնահատեց հոգեւոր հովիւներն ու բոլոր նուիրեալները՝ մաղթելով բեղուն ծառայութիւն։

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց խաղողի օրհնութիւն ու մատաղօրհնէք: Ներկայ հաւատացեալները օրհնուած խաղողէն ու մատաղէն բաժին առնելով, հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ հաղորդակից եղան աւանդական այս տօնին եւ անոր օրհնութիւններով վերադարձան իրենց տուները:

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022