Երեքշաբթի, 7 Յունիս 2022-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Նազարէթ Գեւոնեանի եւ իր դստեր Թամար Գեւոնեանի, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ ընդհանրապէս իր ծառայական գործունէութեան եւ յատկապէս ԿԻԼԻԿԻԱ պարբերաթերթի ճամբով հայ գիրի, դպրութեան ու քրիստոնէական արժէքներու տարածման նկատմամբ ցուցաբերած բծախնդիր վերաբերումին եւ նուիրական գուրգուրանքին համար եւ, այս առիթով, բարերար հիւրերը ԿԻԼԻԿԻԱ պարբերաթերթին նուիրեցին տասը հազար տոլար ($10,000):
Իրենց բառերով՝ «ԿԻԼԻԿԻԱ-ն շատ գեղեցիկ եւ որակաւոր հրատարակութիւն է, կը գնահատենք տարուած աշխատանքը եւ կը քաջալերենք Արեւմտեան Թեմի կեանքին հայելին եղող այս իւրայատուկ պարբերաթերթը, որ նաեւ հայ ազգային ու եկեղեցական մեր արժէքները լոյսին կը բերէ, այլեւ հայ տուներու եւ հայոց կեանքին մէջ կը տարածէ: Յաջողութիւն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի բոլոր ծրագիրներուն եւ անխափան վերելք՝ ԿԻԼԻԿԻԱ պարբերաթերթին»:
Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Գեւոնեան ընտանիքի զօրակցական կեցուածքն ու արտայայտած քաջալերական խօսքերը՝ դիտել տալով, որ ներկայիս մամուլի տակ է եւ նկարազարդ ու գունագեղ տպագրութեամբ շուտով լոյս կը տեսնէ ԿԻԼԻԿԻԱ պարբերաթերթի այս տարուան երկրորդ թիւը:
Յայտնենք, որ հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան: