Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպեցաւ Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 12-րդ Կարգի Աշակերտներուն Հետ

Հինգշաբթի, 31 Մարտ 2022-ի առաւօտեան, Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի աւարտական կարգի մօտաւորապէս 60 աշակերտներ, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի, ընկերակցութեամբ դաստիարակներու, այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան, ուր մտերմիկ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց խանդավառ աշակերտները, ապա անոնց խօսեցաւ հայ մարդու ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւորութեան մասին՝ շեշտելով, որ հայոց եկեղեցին եւ լեզուն, ինչպէս նաեւ հայկական մշակոյթը, բոլոր ժամանակներու համար կը հանդիսանան հիմնական կռուանները հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան եւ ինքնուրոյն դիմագիծի պահպանման ու գոյատեւման:

Հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն՝ կենդանի օրինակներով համեմելով իր խօսքը, ապա բարձր գնահատեց պատանի աշակերտներու Ազգ. վարժարանի մեծ ընտանիքին մաս կազմելու իրողութիւնը՝ միաժամանակ ուրախութիւն յայտնելով, որ աւարտելէ ետք դպրոցը, տղաքը իրենց հետ պիտի տանին ամբողջ կեանք մը լեցնող հարստութիւն մը, որ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնն է:

Հուսկ, վարժարանի տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Թորգոմ Եպս.ի, որ մօտէն կը հետաքրքրուի Ազգ. վարժարաններու եւ աշակերտութեան իրավիճակով: Հրաժեշտի պահուն, աշակերտները Սրբազան Հօր կողմէ ստացան յուշանուէրներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022