Առաջնորդ Սրբազանի Հովուական Այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքօ

– ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ
– ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
– ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
– ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ. ԳԶՎ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2022-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հովուական հնգօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր Կիրակի, 16 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. եւ անմահ Պատարագ, նոր միւռոնով կատարեց ջրօրհնէք եւ խօսեցաւ հոգեպարար պատգամ մը, որուն ընդմէջէն վեր առաւ հետեւեալ մտածումը. «Այսօր, մեր կեանքին մէջ չարը համեմատաբար աւելի համարձակ ներկայութիւն է, որուն պատճառով չարութիւնը կը շատնայ աշխարհի երեսին եւ մարդերու կենաց մէջ: Չարին ու չարիքին դէմ պայքարելու ամենաուժեղ զէնքը լոյսն է՝ ոչ սովորական հասկացողութեամբ, այլ լոյս՝ Քրիստոս անուն ճշմարտութիւն հասկացողութեամբ. «Ես եմ Աշխարհի լոյսը»: Թող որ Տէրունական, չսպառող ու կառուցող Լոյսը գերիշխող ներկայութիւն դառնայ բոլորիս կեանքէն ներս, որպէսզի բարիքը շատնայ մարդոց կեանքին մէջ եւ չարիքը ընդմիշտ նահանջէ», ըսաւ ան:

Ջրօրհնէքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յոյս յայտնեց, որ նոր միւռոնով օրհնուած ջուրը մաքրէ մարդոց միտքը, հոգին ու կեանքը եւ հայութիւնը առաւելագոյն չափով հաստատ պահէ իր ազգային-քրիստոնէական ինքնութեան մէջ, ապա ողջունեց եկեղեցւոյ Հովիւը, Հոգաբարձական կազմը, տեղական միութիւններն ու կառոյցները եւ մերազն ժողովրդեան բոլոր զաւակները՝ աղօթաբար մաղթելով, որ սէրն ու միութիւնը շատնան ազգի կեանքէն ներս, եղբայրական ոգին նոր ընձիւղներ արձակէ հայ ժողովուրդի զաւակներու բոլոր օրերուն եւ գտնուած բոլոր վայրերուն մէջ:

Նոյն օրը, յետմիջօրէին, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանի, Խաչատուրեան կեդրոնի Սարոյեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, նուիրուած եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի հոգեւոր ծառայութեան: Իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, որուն ընթացքին հնչեցին սրտի խօսքեր: Իր կարգին, Հայր սուրբը արտասանեց շնորհակալութեան խօսք, որուն ընդմէջէն ան երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ՝ եկեղեցւոյ եւ անոր առաքելութեան նկատմամբ ներկաներուն ցուցաբերած բազմամակարդակ զօրակցութեան:

Եզրափակիչ իր խօսքին մէջ Թորգոմ Եպիսկոպոս բարձր գնահատեց Հայր սուրբը՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման տասներորդ տարեդարձին առիթով, հաւատք տածելով, որ բացուող նոր տասնամեակը հարուստ իրագործումներով լեցուն նշանակալի ժամանակաշրջան մը կ՛ըլլայ անոր համար, ապա անդրադառնալով Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերին՝ շեշտեց. «Եկեղեցին Տէրունական տուն եւ երկինքէն պոկուած հոգեւոր գետին մըն է երկրի վրայ, եւ մենք բոլորս՝ հոգեւորական եւ աշխարհական, սպասաւորներ ու ժողովուրդ, հրաւիրուած ենք առաւելագոյն չափով սատար հանդիսանալու Քրիստոսի՝ յանուն մեզի յանձնած «եկեղեցի» կտակի առաւել պայծառացման»:

Յաջորդ օրերուն, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ ազգայիններու եւ կարգ մը բարերարներու հետ՝ յառաջիկայի համար նախատեսուած զանազան ձեռնարկներ լաւագոյնս կազմակերպելու նպատակով:

Հինգշաբթի, 20 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազանը Ազգ. վարչութեան անդամ Տիար Կարպիս Պէզճեանի, շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի ընկերակցութեամբ, պաշտօնապէս այցելեց Ազգ. Զաքարեան-Գռուզեան եւ Վասպուրական վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ Տնօրէնուհի Տիկին Կրէյս Անտոնեանի եւ Ուսումնական մարմնի ատենապետ Տիար Յարութ Մոմճեանի կողմէ:

Յայտնենք, որ Թորգոմ Եպիսկոպոսի առաջնորդ ընտրութենէն ետք առաջին այցելութիւնն էր այս՝ տրուած Ազգ. ԳԶՎ վարժարանին: Այս առիթով, դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական խնամուած յայտագիր մը, որ մեծապէս խանդավառեց ներկաները: Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը շրջագայեցաւ դպրոցին բոլոր բաժիններն ու դասարանները եւ մտերմաբար զրուցեց մանուկ ու պատանի հայ աշակերտներուն հետ, ապա մասնակից դարձաւ կէսօրուան Սիրոյ սեղանին, որուն ընթացքին բարձր գնահատեց Տնօրէնուհիին, ուսուցիչներուն, Ուսումնական մարմնին եւ բոլոր նուիրեալներուն ժրաջան աշխատանքն ու իրենց դպրոցը աւելի պայծառ հորիզոններ առաջնորդելու ե՛ւ տեսանելի, ե՛ւ շօշափելի, այլեւ յոյժ գովելի միասնական ճիգը, նուիրական ոգին ու յարատեւման կամքը:

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022