Հինգշաբթի, 23 Յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեդրոնին, ուր ներկայ էին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիկին Արուսեակ Մելքոնեան, Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց նախկին անդամներ, Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Սիլվա Փօլատեան եւ անդամներ, մասնաճիւղերու վարչութեանց անդամներ, բարերարներ եւ հիւրեր:
ՀՕՄ-ի կեդրոն իր պաշտօնական առաջին այցելութեան առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ աղօթք կատարեց եւ միաժամանակ օրհնեց՝ ՀՕՄ-ի կեդրոնի նուիրատուներու յուշապատը, ուր զետեղուած էին անունները բոլոր այն բարերարներուն, որոնք անցնող հինգ տարիներու ընթացքին նուիրատուութիւններ կատարած էին՝ առ ի զօրակցութիւն ազգօգուտ եւ հայրենանուէր ծրագիրներ իրականացնող Հայ Օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի մեծ ընտանիքի աշխատանքներուն:
Այս ծիրէն ներս արտասանած իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ ՀՕՄ-ը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս կը հանդիսանայ աստուածաշնչեան Բարի Սամարացին, միշտ ըլլալով կարիքաւորին, զրկուածին, ինկածին կողքին, հանդիսանալով մայրը՝ անմայր հայուն, քոյրը՝ քրոջ ջերմութեան կարօտեալին:
Բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի բոլորանուէր ծառայութիւնը՝ Սրբազան Հայրը, յանուն Ազգ. Առաջնորդարանին, փափաքեցաւ լումայ մը ձգել ՀՕՄ-ի ծառայական գանձանակին մէջ եւ տասը հազար տոլարի նուիրատուութեան յայտարարութիւն մը կատարեց: Մթնոլորտէն խանդավառուած՝ Տիար Մայք Սարեան, խօսք առաւ եւ իր կարգին, տասը հազար տոլար նուիրեց՝ մաղթելով կանաչ նոր օրեր Հայ Օգնութեան միութեան:
Հոգեւորին խրախոյսով ամրապնդուած խիստ քաջալերական այս մթնոլորտը նորոգ խանդավառութեամբ ոգեւորեց ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան Կալա-ճաշկերոյթի բարերար, Տէր եւ Տիկին Ճէք եւ Զարիկ Իւրէճեան ամոլը, որ տեղւոյն վրայ յայտարարեց նորագոյն՝ հարիւր հազար տոլարի զօրակցութիւն մը՝ ի նպաստ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան աշխատանքներուն: ։
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատանքով արտայայտուեցաւ ներկայ բարերարներուն ու ծառայասէր ՀՕՄ-ուհիներուն մասին, շրջագայեցաւ Կեդրոնի բաժանմունքները, աւելի մօտէն ծանօթացաւ շէնքի աշխատանքային առօրեային եւ իրագործումներուն, ապա, ՀՕՄ-ի քայլերգի, «Կիլիկիա» մաղթերգի եւ Մեր Հայրենիք»ի միահամուռ երգեցողութեան աւարտին, աղօթեց հայ ազգի առողջութեան եւ ապահով կեցութեան համար եւ «Պահպանիչ»ով փակեց երեկոն: