Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ նշուեցաւ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 59-րդ տարեդարձը, համալիրի Խաթուն Սարեան շրջափակին մէջ, հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանի:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Տիկինը՝ Յասմիկ, հոգաբարձական կազմի անդամներ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Ձեռնարկի ընթացքին շնորհակալական եւ սրտի խօսքերով հանդէս եկան եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւն ու Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յովիկ Պետեւեան՝ վեր առնելով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին կարեւորութիւնն ու մատուցած ծառայութիւնը շրջանի հայութեան հոգեւոր, ազգային, կրթական, մարզական եւ ընկերային կեանքին մէջ:
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը փոխ առնելով մեծն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի՝ «Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք սիրածներէս գիտցաւ թէ՝ զինքը որքա՜ն սիրեցի» խօսքը, զայն տարածեց Հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն վրայ՝ ըսելով, որ Սրբոց նահատակաց եկեղեցւոյ գմբեթէն այսօր սէր կը ճառագայթէ ներկայ եւ բացակայ բոլոր հայորդիներու, հայկական միութիւններէն սկսեալ մինչեւ հայրենիքի անցեալ եւ ներկայ ղեկավարութեանց ուղղութեամբ, եւ թէ՝ բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, որ Հայոց Եկեղեցին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ անձեռնմխելի ճշմարտութիւն է, որովհետեւ կը ներկայացնէ մեր ազգի ամենադարաւոր հաւատքը, կը խտացնէ մեր լաւատես յոյսը ապագային նկատմամբ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին կը տրամադրէ չսպառող այնպիսի սէր, զոր Քրիստոս Ի՛նք ուսոյց բոլոր ժողովուրդներուն:
Իր ոգեւորիչ խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքով ողջունեց ներկաները եւ յատկապէս օրուան հիւրընկալ բարերարին զօրակցութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ պայծառացման ի նպաստ՝ դիտել տալով, որ հարուստը իր դրամով, մտաւորականը իր գրիչով, վարչականը իր ժամանակով կը համարուին ազգի ու ու եկեղեցւոյ բարերարներ, մանաւանդ երբ սիրով կը նուիրեն, իրենց ունեցածէն կու տան լիաբուռն եւ իրենց անսակարկ ծառայութեամբ մարդասիրութեան եւ եկեղեցասիրութեան նոր տարածքներ կը նուաճեն իրենց կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ հիւրընկալ Տիար Սարեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգեւոր հովիւին ու Հոգաբարձութեան, ապա անցեալի դէպքերու պատումով ներկաները մասնակից դարձուց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծառայական անդաստանէն ներս իր ապրած անմոռաց ու քաղցր յուշերուն: Հանգանակային ճաշկերոյթը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պահպանիչով:
Յայտնենք, որ գեղարուստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մերուժան Մարգարեան (ջութակ) Անդրանիկ Ալիէմէզեան (Սաքսոֆոն) եւ երգիչ Յովհաննէս Պալեան, որ փունջ մը հայկական երգերով խանդավառեց ներկաները: