Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ընդունեց «Էտվենթիսթ» Հիւանդանոցէն Ներկայացուցիչներ

Երեքշաբթի, 25 Մայիս 2021-ի առաւօտեան Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի Հոգեւոր Խնամատարութեան բաժնի տնօրէն Նելու Նետելիա եւ Առեւտրական բաժնի փոխ-նախագահ Ռամելա Մարգարեան եւ հանդիպում ունեցան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս Տօնոյեանի հետ:

Այցելուները պատրաստակամութիւն յայտնեցին աւելի մօտէն շփուելու Ազգային Առաջնորդարանին հետ, միաժամանակ խնդրամատոյց ըլլալով Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ մօտիկ ապագային այցելութիւն շնորհէ «Էտվենթիսթ» հիւանդանոց:

Առաջնորդ Սրբազանը նախ գնահատեց հիւանդանոցին պատասխանատուները, որոնք լայն ծառայութիւն կը բերեն շրջանի բնակչութեան եւ մասնաւորաբար հայ ժողովուրդի զաւակներուն, ապա իր խօսքին մէջ խնդրեց, որ հիւանդանոցի անձնակազմը յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ հայ հիւանդներու` յիշեցնելով նաեւ, որ Ազգային Առաջնորդարանը պատրաստ է պարբերաբար գործուղելու հոգեւորականներ, որպէսզի հոգեւոր սնունդ մատակարարեն հիւանդներու, յատկապէս այն հայորդիներուն, որոնք կարիքը ունի հոգեւոր հզօրացման, մխիթարութեան եւ յոյսի:

«Էտվենթիսթ»ի պատասխանատուները բարձր ողջունեցին Սրբազան Հօր այս առաջարկը եւ տրամադրութիւն յայտնեցին ամէնէն արագ միջոցին դասաւորելու պարտն ու պատշաճը:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան:

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022