Չորեքշաբթի, 9 Յունիս 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հետ:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու հայրենի դիւանագէտը զրուցեցին Հայաստանի իրավիճակին մասին եւ արծարծեցին հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր՝ յոյս յայտնելով, որ աշխարհատարած հայութիւնն ու հայկական բարձրաւանդակը միասնաբար կը յաջողին շրջանցել այս ծանր պահը եւ դիմաւորել աւելի լուսաւոր օրեր: