Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2020ի կէսօրին Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամներուն, գլխաւորութեամբ՝ հոգեւոր հովիւ Արժն. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի:
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ անոնք փոխանցեն իրենց բարեմաղթութիւնները Առաջնորդ Սրբազանին եւ արտասանուած սրտի խօսքերուն ընդմէջէն ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեն ի խնդիր Սրբազան Հօր բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան: Խօսելով նաեւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ գործունէութեան մասին, այցելուները անդրադարձան եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մարդասիրական առաքելութեան, ներկայացուցին ի գործ դրուած ծրագիրներու ընթացքն ու կատարուելիք աշխատանքները, զորս եկեղեցին պիտի իրագործէ շրջանին մէջ, մեր ժողովուրդին համար եւ յանուն Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան: Այս առիթով անոնք խնդրամատոյց եղան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեան:
Փոխադարձաբար, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ ծառայութիւնը եւ հրաւիրեց զիրենք վերանորոգ հաւատքով շարունակելու Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ ընդմէջէն իրենց անմնացորդ ծառայութիւնն ու սպասաւորութիւնը մատուցել Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգիս զաւակներուն: