Չորեքշաբթի, 16 Փետրուար 2022-ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին Այտա եւ Սեդա Գալստեան քոյրերը եւ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի ցուցմունքներով, երկու հարիւր հազար տոլարով ($200,000) հիմնեցին «Սփիւռքի Տարի, Գալստեան Հիմնադրամ»ը, յականջալուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Սփիւռքի Տարի» հռչակման եւ ի յիշատակ իրենց ծնողներուն՝ Գագիկի եւ Քնարիկի:
Ի Տէր ննջած ծնողաց յիշատակին՝ անցնող տարիներու ընթացքին գոյացած գումարի մը վրայ մեծ յաւելում մը կատարելով` Գալստեան քոյրերը փափաքեցան, որ հաւաքուած այս գումարը գործէ որպէս հիմնադրամ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանիին ներքեւ, վասն նոր սերունդներու կեանքէն ներս հայեցի եւ քրիստոնէական արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութեանց առաւել ընդարձակման:
Ազգային Առաջնորդարանը այս առիթով կը յայտարարէ, որ «Սփիւռքի Տարի, Գալստեան Հիմնադրամ»ը՝
Ա. Կրթական իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին հազարական տոլար ($1,000) պիտի տրամադրէ՝ Ազգ. վարժարաններու 8-րդ կարգի այն աշակերտներուն, որոնք կրօնի դասերուն մէջ բարձրագոյն նիշ ապահոված են:
Բ. Կրթական իւրաքանչիւր տարեշրջանի աւարտին հազարական տոլար ($1,000) պիտի տրամադրէ՝ Ազգ. վարժարաններու 6-րդ կարգի այն աշակերտներուն, որոնք հայոց լեզուի դասերուն մէջ բարձրագոյն նիշ ապահոված են:
Գ. Հայագիտութիւն ուսանող աշակերտներու առ ի զօրակցութիւն, կրթաթոշակի յատկացում մը պիտի կատարէ։
Դ. Պիտի ստանձնէ՝ Լիբանանի մէջ Ազգ. վարժարաններ յաճախող 50 աշակերտներու 2022-2023 տարեշրջանի կրթաթոշակներու վճարումը:
Հանդիպման աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Գալստեան քոյրերը, որոնք իրենց ծնողաց յիշատակը վառ պահելու նպատակով յիշեալ յատկացումները ստեղծեցին: Հուսկ, ան լոյս խաղաղութիւն մաղթեց Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեաններու բարի հոգւոցն: