Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան հովուական եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Լաս Վեկաս եւ յետմիջօրէին ընդունուեցաւ տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներու կողմէ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նոյն օրը երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ համայնքի բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Ալեքս եւ Ազգային երեսփոխան Արտա Եմենիճեաններու հետ եւ այս առիթով բարձր գնահատեց Եմենիճեան ամոլի ցուցաբերած բարոյական եւ նիւթական հոգածութիւնը Հայաստանի, Հայ Եկեղեցւոյ, Արեւմտեան Թեմի զաւակաց եւ հայութեան կեանքին մէջ, ապա իր օրհնութիւնները բաշխեց զոյգին, որ քանի մը շաբաթ առաջ տասը միլիոն տոլարի ($10,000,000) նշանակալից նուիրատուութիւն մը կատարեց հայրենի եզերքի կրթական կեանքի բարելաւման ուղղութեամբ աշխատող ԹՈՒՄՕ արհեստագիտական կեդրոնին:
Շաբաթ, 2 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց ՀՕՄ-ի Լաս Վեկասի «Շուշի» մասնաճիւղի Վերժին Գուճաքեան շաբաթօրեայ վարժարանը եւ կատարեց բացման աղօթք, ապա դեռատի աշակերտներուն բացատրեց Հայ մշակոյթի ամիսը կենսաւորող Թարգմանչաց տօնը, որուն ընդմէջէն վեր առաւ հայոց գիրերու ստեղծիչ եւ գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի կերպարն ու Հայաստանի տարածքին ծաւալած կրթական գործունէութիւնը, պատանիներուն մատչելի լեզուով: Հանդիպման աւարտին, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան նշեալ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, գնահատեց տարուած աշխատանքն ու անոնց հետագայ ծրագիրները:
Երեկոյեան ժամը 7-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կազմակերպած Սիրոյ սեղանին, որուն ներկայ եղան Հոգեւոր հովիւը, Հոգաբարձութեան կազմը եւ շրջանի Ազգային երեսփոխաններ Ատրուշան Արմէնեանն ու Արտա Եմենիճեանը: Աւելի քան երկու ժամ տեւող հանդիպումի ընթացքին, ներկաները ունեցան աշխատանքային պահ եւ Սրբազան Հօր առաջնորդող ուղղութեան ներքեւ կազմեցին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի բարգաւաճման եւ յաւելեալ բարեզարդման նպաստող հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական եւ կազմակերպական ծրագիրներ, որոնք պիտի իրականացուին հետագայ մէկ տարուան ընթացքին:
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ «ԱՅԲՈՒԲԵՆ»Ի ՔՈՂԱԶԵՐԾՈՒՄ
Կիրակի, 3 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ ըսելով, որ մարդկային կեանքի մէջ ամէն բան ժամանակաւոր է եւ թէ առարկաներուն եւ ունեցուածքներուն կարելի չէ վստահիլ, երբ դժուարութիւններու մէջ ենք, այլ միակ ու յաւիտենական վստահելին Աստուած Ինք է, եւ այս առումով ան յորդորեց ներկաները, որ իրենց կեանքին մէջ աւելի մօտէն հաղորդուին Աստուծոյ հետ, վստահին միայն Իրեն՝ ամէն տեսակ ցաւի, նեղութեան կամ տառապանքի պարագային, որովհետեւ Աստուած խոստացած է Իրեն դիմող բոլոր մարդերուն ձեռքէն բռնել եւ դուրս բերել զանոնք իրենց անելանելի վիճակէն: Ս. խորանին սպասարկեցին Արժ. Հոգեւոր հայրեր՝ Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, Կլենտէյլէն ժամանած Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ անոր ընկերակից խումբ մը բարեշնորհ սարկաւագներ:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շքերթով մուտք գործեց եկեղեցւոյ յարակից շրջափակ, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան եւ բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ Հոկտեմբեր ամսուն առաջին օրերուն կը գտնուի Լաս Վեկաս, քողազերծելու համար հայկական քրիստոնէական մշակոյթի հիմնարար սկիզբ նկատուող Հայոց գիրերու նուիրուած «Այբուբեն»ը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ արտասանելու իր սրտին խօսքը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց հայ համայնքի հաւատացեալներն ու նուիրեալները, ապա հարցադրումով մը վեր առաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդն ու իմաստը՝ ըսելով. «Ո՞վ պիտի ըսէր, որ օր մը Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հանճարեղ հայորդիին ստեղծած այբուբենը որպէս կոթող պիտի տեղադրուի Հայաստանէն բազմահազար մղոններ հեռու գտնուող Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ համալիրին մէջ»: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ս. Կարապետ եկեղեցին անապատային Լաս Վեկասի մէջ ապրող մեր ժողովուրդին համար կենսատու ովասիս է դարձած եւ թէ՝ երեւոյթ է այս շրջանին մէջ հայկական մշակոյթի օր տօնելը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այնուհետեւ քողազերծեց բարձրադիր պատին վրայ տեղ գտած հայոց այբուբենի պղնձեայ մեծաչափ տառերը, հեղինակ՝ արուեստագէտ Արա Չոլաքեան, այսպիսով իրականութիւն դարձնելով Հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ, հանգուցեալ Կարապետ Պետիրեանի մտայղացումն ու փափաքը:
ՆԵՒԱՏԱ ՆԱՀԱՆԳԻ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, Լաս Վեկասի մէջ Հ. Հ. Պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի հրաւէրով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ Հ. Հ. Ա. Հանրապետութեան Վերանկախացման 30-ամեակին առիթով Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս համալսարանի Հայ Ուսանողական միութեան կազմակերպած ձեռնարկին, ի շարս Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի, Պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Հոգեւոր հայրերու եւ հրաւիրեալներու: Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին Հ.Հ. բարձրաստիճան պաշտօնատարերն ու Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը՝ ընդգծելով համայն հայութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարգաւաճման ի նպաստ ծրագիրներու կենսագործման մէջ: Նաեւ շեշտուեցաւ հայ ժողովուրդի զաւակաց վստահութիւնն ու հաւատարմութիւնը ազգի ու հայրենիքի դաւանած մնայուն արժէքներուն վրայ խարսխելու եւ միաբանութեամբ գործելու կարեւորութիւնը: Յետ պաշտօնական խօսքերու մեծարուեցաւ Լաս Վեկասի Հայ Դատի յանձնախումբի գործավարներէն Լենա Յովհաննէսեան, որուն ջանքերուն շնորհիւ էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ պատմական իրողութիւն, մաս կազմեց Նեւատա նահանգի կրթական ծրագրին:
Յայտնենք, որ հայ տաղանդաւոր երիտասարդներ, պատանիներ եւ փոքրեր որակաւոր մակարդակով հայ երաժշտութիւն, երգ ու պար մատուցեցին եւ գործադրեցին գեղարուեստական բարձրաճաշակ յայտագիր մը: Ձեռնարկը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերու փակման աղօթքով: