Համահայկական 6րդ Խաղերու Ջահի Հրավառութիւն Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ


Կիրակի, 12 Յուլիս 2015ի կէսօրին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ Համահայկական 6րդ Խաղերու ջահի հրավառութեան խորհրդանշական արարողութիւնը: Խաղերը տեղի պիտի ունենան 2էն 13 Օգոստոսին, Հայաստանի մէջ: Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի հիւպատոսութեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ ու Ազգ. Երեսփոխաններ եւ ներկայացուցչական այլ դէմքեր:

Ինչպէս ծանօթ է, ջահի հրավառութեան արարողութիւն տեղի ունեցած էր նաեւ Կիրակի, 28 Յունիսին, Անթիլիասի Մայր Տաճարի կողքին կանգնած՝ Նահատակաց Մատուռ-Յուշակոթողին առջեւ, ձեռամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ներկայութեամբ հայրենի եւ Լիբանանի հայութեան մարզական ներկայացուցիչներու:

12 Յուլիսի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ կողքին կանգնած՝ Նահատակաց Յուշարձան-Խաչքարին առջեւ, ձեռամբ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Տէրունական Աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ օրհնութեամբ վառեց ջահը եւ յանձնեց այն մարզիկուհին, որ արարողութեան աւարտին, զայն բարձր բռնած՝ Կլենտէյլի փողոցներէն հասցուց Հայաստանի հիւպատոսարանը:

Ջահը վառելէ ետք խօսք առնելով, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս արարողութիւնը կը զուգադիպի Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին, իսկ Վարդավառը մեր հինաւուրց ու տոհմիկ տօներէն է, որ իւրայատուկ մթնոլորտ կը ստեղծէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ան ողջունեց Համահայկական խաղերու կազմակերպիչներն ու զանոնք հովանաւորող հայրենի իշխանութիւնները, մասնակից մարզիկները: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ յառաջիկայ խաղերը կը զուգադիպին Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձին, ունին այլապէս խորհրդանշական իմաստ, պիտի մարմնաւորեն հայ երիտասարդութեան միացեալ կեցուածքը՝ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանախօսքին յանձնառութեամբ եւ Հայրենիք-Սփիւռք միասնութեան մարմնաւորումով: Աւարտին, ներկաները երգեցին «Մեր Հայրենիք»ը:

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ յուշակոթողին առջեւ սկսած արարողութիւնը, ջահի փոխադրութենէն ետք, շարունակուեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ, ուր եւս արտասանուեցաւ ողջոյնի խօսքեր:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022