Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ու Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին հրաւէրով, Երկուշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց տաճարի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հաւաք մը եւ ասուլիս՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին հետ, որ Լոս Անճելըս պիտի այցելէ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասու եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներու, ներկայ պիտի ըլլայ հանդիպումին։
Հանդիպման եւ ասուլիսին հրաւիրուած են ամերիկահայ համայնքի ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները։