Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2016ին, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրը հանդիսավայրը եղաւ սրտառուչ արարողութեան մը:
Նախաձեռնութեամբ »Հայկական Ծառի Ծրագիր«ին (Armenian Tree Project), մանկամսուրի պարտէզին մէջ խնձորենիի մը ծառատնկումը տեղի ունեցաւ, ի յիշատակ վարժարանի բարերար ամոլին՝ Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեանի վաղամեռիկ որդւոյն՝ Ռիչըրտի, որուն անունը կը կրէ մանկամսուրը:
Նոյն օրը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց մանկամսուր եւ կատարեց յիշատակի աղօթք: Աղօթակից էին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան: Ներկայ էին Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեան եւ ընտանեկան հարազատները:
Աշակերտները երգերով ու արտասանութիւններով ծաղկեցուցին մթնոլորտը: Խօսք առաւ մանկամսուրի վարիչուհին՝ Տիկին Արսինէ Աղազարեան, որ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, բարերարներն ու ներկաները, անդրադարձաւ այս արարողութեան խորհրդանշական իմաստին:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ բարերար ընտանիքին եւ վարժարանի անձնակազմին ծառայութեանց մասին, օրհնեց Ռիչըրտ Թիւֆէնքեանի յիշատակը, եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բարերար ընտանիքին:
Արարողութենէն ետք, հոգեւոր հայրերն ու հիւրերը միասնաբար ճաշեցին աշակերտներուն հետ, հիւրասիրուելով վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ: