Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի “Հայ Տարեցներու Տարուան” Նուիրուած Ձեռնարկ


Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տարեսկիզբի պատգամին, որ 2014ը կը հռչակէր Տարեցներու Տարի, Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2014ին, կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն մը, որ ֆիզիքական սնունդի կողքին հոգեկան սնունդ ալ տրամադրեց աւելի քան 100 մասնակիցներուն, այսպէսով պահպանելով տարիներէ ի վեր հաստատուած բարի աւանդութիւն մը:

Ճաշի սեղանի շուրջ դասախօսական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Հիւրաբար ներկայ էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխ տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան եւ այլ հրաւիրեալներ:

Հանդիսավարը՝ Տ.Օ.Մարմինի փոխ ատենապետուհի Տիկին Վարդուկ Աւետիքեան, ձեռնարկի բացման իր ողջոյնի խօսքին մէջ, ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի նախօրեակին կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը յատուկ իմաստ կը զգենու, ապա ներկայացուց բանախօսը՝ բազմավաստակ դաստիարակ եւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի ուսուցչուհի Օր. Անի Պէրպէրեանը եւ զայն բեմ հրաւիրեց ներկայացնելու իր խօսքը:

ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ Օր. Ա. Պերպէրեան, ներկաները ողջունելէ եւ իրեն ընծայուած առիթին համար շնորհակալութեան խօսք ուղղելէ ետք, իր բանախօսութիւնը սկսաւ յիշատակելով Վեհափառ Հայրապետին Տարեցներու Տարուան պատգամը ու կեդրոնացաւ անոր չորս գլխաւոր մտածումներէն երկուքին՝ տարեցները յարգելու եւ զանոնք գնահատելու, անոնց հանդէպ հոգածու ըլլալու յորդորներուն վրայ:

Վերադառնալով պատմութեան, ան յիշեցուց, որ հինէն ի վեր, փորձառու եւ իմաստուն տարեցներու վստահուած են մարդկային ընկերութեան առաջնորդողի դիրքերը: Ան կանգ առաւ այս հանդիսութեան Թարգմանչաց տօնին զուգադիպութեան վրայ, նկատել տալով, որ թարգմանիչ հայրերը իրենց իմաստութեամբ կարեւոր դեր ունեցած են մեր ժողովուրդի կեանքին ու պատմութեան կերտումին մէջ, իսկ այսօր, ընտանիքին ու ընկերութեան մէջ տարեցները, իրենց փորձառութեամբ եւ հեղինակաւոր ներկայութեամբ բարիք եւ ուղեցոյց են երիտասարդներուն համար: Մանրամասնելով, ան կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ երիտասարդ ծնողներ իրենց զաւակներուն հոգածութեան ու դաստիարակութեան համար մեծապէս կը վստահին մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն խնամքին, մանուկն ու պատանին մեծ հօրմէն ու մեծ մօրմէն կը սորվին մշակոյթ, բարեպաշտութիւն եւ աւանդութիւններ: Կ’եզրակացուի, որ երէց սերունդի անդամները արժանավայել հոգածութիւն, սէր ու յարգանք պէտք է վայելեն երիտասարդներուն եւ նոր սերունդի անդամներուն կողմէ, հաւատարիմ մնալով մեր պատմութենէն եկող բարի աւանդութեանց. ան յիշեցուց, որ Մեծն Ներսէս Հայրապետէն սկսեալ, մեր հայրապետներն ու իշխանաւորները յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերած են ու մինչեւ այսօր ալ կը ցուցաբերեն երէցներուն, կանգնելով ծերանոցներ եւ նման հաստատութիւններ, հոգալով անոնց կարիքները: Ազնիւ բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ դասագիրքերու ճամբով թէ ծնողներու ուսուցումով մանուկներուն ուղղուած թելադրաքներուն, որպէսզի տարեցներու հանդէպ յարգալիր վերաբերմունք ունենան, սակայն նաեւ ցաւով հաստատեց, որ նորագոյն ժամանակներուն, յարգանքի ու ակնածանքի այս բաժինը սկսած է տեղի տալ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է ընդառաջել Վեհափառի կոչին ու վերականգնել այս բարի աւանդութիւնը, որովհետեւ եթէ յարգենք երէցները ու անոնց արժանի տեղը տանք մեր սեփական ընտանիքիներու եւ հաւաքական կեանքին մէջ, մեր ապագան կ’ըլլայ աւելի ամուր: Ան իր խօսքը եզրափակեց ներկաներուն ուշադրութեան յանձնելով, որ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանը այս առումով ունի գեղեցիկ աւանդութիւն մը. աշակերտներ տարեմուտին կ’այցելեն “Արարատ Տուն”, արտասանութիւններով ու երգերով յայտագիր մը կը ներկայացնեն տարեցներուն ու այսպէսով, հաղորդակցութիւն կը ստեղծուի երկու սերունդներուն միջեւ:

Տիկին Վ. Աւետիքեան Տ.Օ.Մարմինին անունով գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրեց ազնիւ բանախօսին, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը նուիրեց Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ պատրաստուած մարգարտեայ խաչերէն օրինակ մը:

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ Բանախօսութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Ճաշի պահուն, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ ամբողջութեամբ վստահուած էր Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի 7րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտներուն, սկսելով հանդիսավարութենէն: Խմբային արտասանութեամբ ներկայացուեցան Վ. Թէքէեանի “Լուսաւորչի Կանթեղը” եւ Պարոյր Սեւակի “Քիչ ենք, բայց հայ ենք” բանաստեղծութիւնները, իսկ Յարութիւնեան, Խաչատուրեան եւ Պաղտասարեան ներկայութիւն էին նուագներով: Յայտագիրի աւարտին, խօսք առին հայկական ակումբի ներկայացուցիչն ու աշակերտական խորհուրդի ատենապետը. վերջինը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, վարժարան իր յաճախակի այցելութեանց ու հոգածու վերաբերմունքին համար, եւ իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ դասընկերներուն հետ միասին յուշանուէր մը յանձնեց անոր:

Առ ի գնահատանք աշակերտներուն գեղեցիկ մատուցումներուն, Առաջնորդ Սրբազանը անոնց նուիրեց Մայրերու Տարուան առիթով Ազգ. Առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն՝ Սարգիս Փանոսեանի կազմած “Ձօն Հայ Մայրերուն” գրքոյկէն օրինակներ:

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ԽՕՍՔԸ Պաշտօնական յայտագիրին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան առանձնաբար գնահատեց Տ. Օ. Մարմինը, յարգելի բանախօսը, աշակերտներն ու ներկաները, ապա հանգամանօրէն կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ այս ձեռնարկը մտածուած ձեւով կազմակերպուած է Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին, լուսարձակի տակ բերելու համար Թարգմանիչներու եւ տարեց սերունդի դերերուն զուգորդութիւնը՝ մեր ժողովուրդին ու անհատական կեանքերուն մէջ: Ան յիշեցուց, որ յաջորդ օրը՝ Ուրբաթ երեկոյ, Թարգմանչաց նախատօնակը պիտի յիշատակուի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Կիրակի օր, այս առիթով Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա նաեւ տեղի պիտի ունենայ գիրքերու աւանդական ցուցահանդէսը: Ներկայ պիտի ըլլայ ու պիտի պատարագէ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ պիտի խօսի Սուրիոյ մեր գաղութին դիմագրաւած ահաւոր տագնապին ու անկէ բխող կարիքներուն մասին: Ան կոչ ուղղեց ընդառաջելու հիւր Սրբազանին կոչին, հաստատելով, որ մեր վարժարաններն ալ մասնակից պիտի ըլլան SARF-ին միջոցով տրամադրուելիք օժանդակութեանց գոյացման:

Խօսելով սոյն ձեռնարկին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ նախընթաց ձեռնարկներուն նման, այս մէկն ալ եղաւ ֆիզիքական եւ հոգեկան սնունդի առիթ մը: Ան յատկապէս գնահատանքով արտայայտուեցաւ բանախօսին մասին, նշելով, որ ան վաստակ կերտած է լուսարձակներէ հեռու, համեստօրէն, բայց արդիւնաւոր աշխատանքով:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Թարգմանիչ հայրերու դերին եւ ներգործութեան՝ քրիստոնեայ հայուն կերտումին ու պահպանումին մէջ: Հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնն իսկ՝ “Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ…”, ինքնին թելադրանք է եւ պատգամ՝ իմաստնանալու եւ խրատ ընդունելու, արժանիքներ՝ որոնք կ’աւանդուին երէցներէն: Երէցները նաեւ եղած են պահապաններն ու ուսուցողները կարգի ու կանոնի, օրէնքի, պատմութեան, սորվեցուցած են աղօթել եւ հաւատարիմ ըլլալ աւանդներուն ու ազգային արժէքներուն: Այսօր ալ պէտք է մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն մէջ պահպանել օրէնքն ու կարգ-կանոնը, հաւատքն ու աւանդներուն հաւատարմութիւնը, ի շարս որոնց՝ յարգանքն ու գուրգուրանքը տարեցներուն հանդէպ: Ծնողներուն կը մնայ ո՛չ միայն գիտնալ ու կիրարկել այս արժէքները, այլ նաեւ իրենց զաւակներուն ու նորահաս սերունդին աւանդել այս բոլորը: Կեանքի մէջ ձեռք կը բերենք մեծ փորձարութիւններ, դէմ յանդիման կը գտնուինք տարբեր նորութիւններու, սակայն անհրաժեշտ է ընտրել բարին ու օգտակարը: Այս առումով, անժամանցելի կարեւորութիւն ունի աւետարանական “Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսելու ատեն…” պատգամը, ու չմոռնալ, որ երէց սերունդի անդամները պարգեւ են մարդկութեան, իրենց գիտելիքներով ու փորձառութեամբ բարիք կը բաշխեն երիտասարդին ու պատանիին: Ան յիշատակեց ափրիկեան իմաստալից առած մը, ըստ որուն, երբ տարեց մը մահանայ, կարծէք թէ ամբողջ գրադարան մը հրոյ ճարակ կ’ըլլայ եւ կը մոխրանայ: Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ դարերէն եկող արժէքները ժառանգուին ու նոր սերունդերը տէր կանգնին անոնց:

Առաջնորդ Սրբազանին խօսքէն ետք, ներկաները շարունակեցին հաճելի պահը: Հանդիպումը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին “Պահպանիչ”ով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022