Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան մանկամսուրի 110 աշակերտները, ընկերակցութեամբ մանկամսուրի վարիչուհի՝ Տիկին Արսինէ Աղազարեանին եւ դաստիարակներուն, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին, ուր դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր կողքին ունէր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանն ու Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանը։
Հաւաքը սկսաւ Տէրունական Աղօթքով եւ «Մեր Հայրենիք»ի երգեցողութեամբ, ապա աշակերտները միասնաբար երգեցին «Հայ ենք Մենք», «Հայրենի Դրօշակ», «Փոքրիկ Զինուոր ենք» երգերը։
Աշակերտներուն հետ զրոյց մը ունենալով, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Ապրի՛ք դուք, որ եկած էք մեր նահատակներուն յուշարձանին դիմաց, որ միասին աղօթենք եւ Աստուած մեր ազգը եւ հայրենիքը պահէ պահպանէ». Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ կրկնելով, մանուկները ուխտեցին կառչած մնալ մեր սուրբ նահատակաց կտակին ըսելով.- «Մենք կ՛ուխտենք մնալ հայ ժողովուրդի քա՛ջ զաւակները եւ մի՛շտ ըլլալ բարի եւ ուշիմ աշակերտներ»։ Ի պատասխան Առաջնորդ Սրբազանին հարցումին, աշակերտները յայտնեցին, որ ապագային իրենք ալ կ՛ուզեն իրենց տնօրէնուհիին եւ ուսուցչուհիներուն նման հայ ազգին ծառայել։
Յայտագիրը աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով։ Այնուհետեւ, աշակերտները հերթով ծաղիկներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց։