Երկուշաբթի 22 եւ Երեքշաբթի 23 Դեկտեմբեր 2020-ին, Հիւիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնները Թեմիս մէջ գործող եկեղեցիներու, վարժարաններու, համայնքներու, կազմակերպութիւններու եւ միութեանց ներկայացուցիչներու, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Սրբազան Հայրը Առաջնորդական պաշտօնին ընտրութեան առիթով, ինչպէս նաեւ իրենց սրտագին բարեմաղթանքներն ու բոլորանուէր աջակցութիւնը յայտնելու։
Արդարեւ, Թեմիս ծուխերէն՝ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին, Փասատինայի Ս. Սարգիս, Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներու, Նորթ Հոլիվուտի եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներու Հոգեւոր հովիւները, Հոգաբարձական կազմերը եւ Տիկնանց միութիւնները յաջորդաբար շնորհաւորեցին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ վերանորոգեցին իրենց ծառայութիւնը՝ ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ պայծառակերտման եւ ազգի զաւակներու հոգեւոր աճման։
Սրբազան Հայրը իր կարգին ընդգծեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ գերագոյն նպատակն է ծառայել Աստուծոյ ու հայ ժողովրդեան, Եկեղեցին տանիլ դէպի ժողովուրդը ու յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւել Եկեղեցւոյ ծառայական կեանքի տարբեր բնագաւառներէն ներս։
Առաջին օրուան այցելուներու շարքին էին Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան եւ Սրբոց Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական, Մարի Գապայեան նախակրթարան վարժարաններու եւ ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի տնօրէններն ու Ուսումնական մարմնի անդամները, որոնց հետ հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ հայ դպրոցի ներկայութեան եւ դերակատարութեան կարեւորութիւնը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը իբրեւ վաղուան հայ-քրիստոնեայ մարդը դաստիարակելու անհրաժեշտութիւնը:
Քիչ անց, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց քաղաքական ճակատի վրայ Հայ Դատի մարմիններուն գործունէութիւնը եւ յատկապէս Ամերիկեան քոնկրեսէն ներս Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական, ռազմական եւ ընկերային հարցերու լուծման համար գործադրուած ջանքերը: Արծարծուեցան հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ճանաչման ու հատուցման համար աշխարհով մէկ ի գործ դրուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Դատի բազմամակարդակ աշխատանքները, որոնք երկուստեք գնահատուեցան համահունչ եւ հեռանկարային:
Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբերի առաջին այցելուն էր «Ասպարէզ» օրաթերթի անունով խմբագիր Արա Խաչատուրեան: Տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց երկլեզու «Ասպարէզ»ի աւելի քան հարիւրամեայ հայանպաստ առաքելութիւնը: Կէսօրին, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան լոսանճելըսաբնակ անդամներէն Մանուկ Ջուխաճեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ շնորհաւորական այցով տեսակցութիւն ունեցան Սրբազան Հօր հետ, որ բարձր գնահատելէ ետք Համազգայինի մշակութային աշխարհատարած գործունէութիւնը յոյս յայտնեց, որ նոր ու յախուռն ծրագիրներով Միութիւնը կը շարունակէ իր հայաշունչ առաքելութիւնը երիտասարդական աւիւնով եւ արհեստագիտական ժամանակակից միջոցներու օգտագործումով:
Յետմիջօրէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամները այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը, որ հանդիպման ընթացքին վեր առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծաւալած համաշխարհային գործունէութիւնը եւ մաղթեց, որ Միութիւնը իր «Բարձրացիր, Բարձրացուր» կարգախօսին հաւատարիմ՝ շարունակէ հայութեան ազգային կեանքին ներարկել նոր որակ, այսօրուան պատանին դառնայ հայկական արժէքներու հաւատարիմ ժառանգորդ վաղուան երիտասարդն ու չափահասը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային աւանդը փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն։
Նոյն օրը, Սրբազան Հայրը յաջորդաբար ընդունեց նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց, Քեսապի Ուսումնասիրաց եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան վարչութեանց անդամները, որոնք եւս Սրբազան Հօր փոխանցեցին իրենց սրտագին շնորհաւորութիւնները եւ բոլորին պէս իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին աջակցելու Ազգային Առաջնորդարանի գործունէութեանց ու ծրագիրներուն։ Փոխադարձաբար, Սրբազան Հայրը գնահատեց աստուածահաճոյ ու հայանուէր ծառայութիւնը բոլորին եւ նորանոր նուաճումներ ու բեղուն աշխատանքի նոր հորիզոններ մաղթեց անոնց։
Երկօրեայ հանդիպումները անցան սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Ինչպէս որ ամբողջ աշխարհը, այդպէս ալ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը համաճարակային այս օրերուն ստիպուած է զգուշաւորութեան առաւելագոյն պայմաններու մէջ ապրելու եւ գործելու, այսուհանդերձ, բոլորին մօտ վառ էր յոյսը, որ Նոր՝ 2021 Տարին Հայ Եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին համար ըլլայ բարեբեր, բեղուն տարի, լեցուն նուաճումներով եւ նոր աշխատանքներու կարելիութիւններով: