Երկու Միաբաններ Կը Միանան Արեւտեան Մեր Թեմի Հոգեւոր Ծառայութեան

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգ. Վարչութիւնը այսու կը յայտարարեն, որ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան կը միանան Արեւմտեան մեր Թեմի հոգեւոր դասին։

Երկու միաբանները Լոս Անճելըս ժամանեցին Երկուշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2019-ին: Անոնք շուտով պիտի ստանձնեն իրենց հովուական պաշտօնները։ Հայր Սմբատ նշանակուած է Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, իսկ Հայր Աշոտ՝ Ֆրեզնոյի Ս.
buy Flomax generic https://buynoprescriptiononlinerxx.com over the counter

Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան (աւազանի անունով Ճորճ) ծնած է Լիբանան, 1991-ին: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Յունիս 2012-ին։ Երեք տարի ծառայած է Յունաստանի Թեմէն ներս իբրեւ հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Եղած է Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիր։ Դասաւանդած է Պէյրութի Ազգային Միացեալ Վարժարանէն ներս։

Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան (աւազանի անունով Մովսէս) ծնած է Սուրիա, 1995-ին: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Յունիս 2017-ին: Եղած է Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիր, Դպրեվանքի հսկիչ եւ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ։

Կ’ողջունենք Հայր Սմբատի ու Հայր Աշոտի Արեւմտեան մեր Թեմ ժամանումը եւ կը մաղթենք յաջողութիւն՝ իրենց ծառայական կեանքի նոր անդաստաններուն մէջ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022